
Հայոց Եկեղեցիներուն Մէջ Հոգեհանգստեան Կարգ Պիտի Կատարուի Շառլ Ազնաւուրի Հոգիի Խաղաղութեան Համար
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեկնած է Փարիզ (Ֆրանսա)` Հոկտեմբեր 5-ին եւ 6-ին մասնակցելու ՀՀ Ազգային հերոս, Զուիցերիոյ Համադաշնութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Հոկտեմբեր 6-ին, ժամը 12:00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան կարգ մեծանուն հայորդիի հոգիի խաղաղութեան համար:
Յիշեցնենք, որ Շառլ Ազնաւուրը մահացած էր Հոկտեմբեր 1-ին: