ԱՀ Նախագահ Բակօ Սահակեանի Ուսուցիչի Օրուան Նուիրուած Շնորհաւորական Ուղերձը

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է  Ուսուցիչի օրուան առիթով: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

Սիրելի՛ ուսուցիչներ,

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ մասնագիտական տօնի` Ուսուցիչի օրուան առիթով:

Մենք բոլորս գիտենք, թէ ինչ բարդ, բայց եւ չափազանց կարեւոր ու պատասխանատու աշխատանք կը կատարեն ուսուցիչները, որքան ուժ ու եռանդ կը ներդնեն անոնք այդ աշխատանքին մէջ, որքան ջանք կը թափեն, որպէսզի մատաղ սերունդը ըլլայ կիրթ ու դաստիարակուած, ստանայ հիմնաւոր գիտելիքներ, հմտութիւններ ու կարողութիւններ, գտնէ իր արժանի տեղը կեանքի մէջ:

Մենք խորապէս երախտապարտ ենք ձեզի, սիրելի՛ ուսուցիչներ, երախտապարտ ենք ձեր համբերատար ու սրտացաւ վերաբերմունքին, ձեր անձնուիրութեան համար, այն հոգատարութեան ու ջերմութեան, որ տարիներ շարունակ դուք կու տաք ձեր սաներուն: Ձեր ամենօրեայ քրտնաջան աշխատանքը արժանի է ամենաբարձր գնահատանքի ու մեծ յարգանքի:

Պետութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներու լուծման, կ՝ընէ հնարաւորը, որպէսզի Արցախի երեխաները ստանան լաւ կրթութիւն, որպէսզի մեր ուսուցիչները աշխատին ժամանակակից պահանջներուն համապատասխանող ուսումնական հաստատութիւններու մէջ: Եւ այդ գործընթացը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ:

Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ ձեզ, թանկագի՛ն ուսուցիչներ, եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն, յաջողութիւններ ու ամենայն բարիք: