Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովին Ծիրէն Ներս Երկու Օր Ոչ Աշխատանքային Պիտի Ըլլայ
Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովին ծիրէն ներս՝ երկու օր պիտի յայտարարուի ոչ աշխատանքային: Այս մասին՝ կառավարութեան այսօրուան նիստին սկիզբը յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը։
«Մենք հանդէս եկած ենք օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ եւ պէտք է խնդրենք վաղը հրաւիրել Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ, որպէսզի Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովին առիթով՝ երկու օր յայտարարուի ոչ աշխատանքային օր: Ատոր համար անհրաժեշտ է որոշակի օրէնսդրական փոփոխութիւն եւ, ըստ էութեան, քանի որ շատ մեծ են ծաւալները եւ եզրակացութիւնը այն է, որ շատ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ, որ այդ երկու օրը յայտարարուի ոչ աշխատանքային, մենք այդ ուղղութեամբ պիտի ընթանանք»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան՝ չյստակացնելով, թէ յստակ որ օրերը պիտի յայտարարուին ոչ աշխատանքային:
Գագաթնաժողովը պիտի իրականացուի Երեւանի մէջ՝ Հոկտեմբեր 7-12:
