
Փարիզի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցած են Ազնաւուրին
Փարիզի հայկական եկեղեցւոյ մէջ Հոկտեմբեր 2-ին տեղի ունեցած է Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած յատուկ արարողութիւն: Այս եկեղեցւոյ մէջ Ազնաւուրը պսակուած է մօտ կէս դար առաջ, այստեղ մկրտուած էր իր դուստր Քաթիան:
Եկեղեցւոյ դրան դիմաց Ազնաւուրի պսակադրութեան լուսանկարներն էին, ինչպէս նաեւ երգիչին քանի մը լուսանկարները` Հայաստանի եւ Ֆրանսայի դրօշներուն մէջտեղը: Հոգեւոր արարողութեան ներկայ էին ֆրանսացի եւ հայ գործիչներ, Ազնաւուրի մահը սգացող հաւատացեալներ:
Ֆրանսահայ քաղաքական գործիչ, Փարիզի 9-րդ թաղամասի թաղապետի տեղակալ Ալեքսի Գովչեան «Մետիամաքս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին պատմած է հանրաճանաչ երգիչին հետ իր հանդիպումներուն մասին:
«Պատիւ ունեցած եմ հանդիպելու անոր քանի մը անգամ, միասին եղած ենք Ֆրանսայի նախագահներու հետ Հայաստան այցերու պատուիրակութեան մէջ: Եւ մշտապէս պատուիրակութեան ամենակարեւոր անձը եղած է Շարլ Ազնաւուրը: Ան ամենակարեւոր մարդն էր Հայաստանի համար, այնտեղ «Աստուած-Ազնաւուր» միախառնու էին անձի մը մէջ: Ամէն անգամ ես կը տեսնէի, թէ որքան հայութիւն կար անոր մէջ»,- նշած է Գովչեան:
Ան եղած է Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յանձնախումբի ազգային պատասխանատուն եւ այդ տարի աշխարհահռչակ երգիչին մեդալ շնորհած է:
«Բախտ ունեցած եմ անոր շնորհել Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի «Քաջութեան մետալ»-ը 2015-ին: Ազնաւուրը բազմաթիւ մետալներ ունէր, բայց այդ օրը ան մեզի ըսաւ, որ իր մետալներէն ամէնէն կարեւորը կը համարէ երկուքը` մէկը Ֆրանսայի ակադեմիայէն ստացած հեղինակաւոր մետալը, միւսը` մեր յանձնածը: Թերեւս ան ատիկա կ՛ըսէր մեզի քաջալերելու համար, սակայն այդ փոքր մետալով մենք կ՛արտայայտէինք այն մեծ սէրը, որ հայ համայնքը կը տածէ անոր նկատմամբ»,- ըսած է ֆրանսահայ գործիչը:
Գովչեան Ազնաւուրը կը նմանեցնէ տաճարի, որուն պակասը հաստատ պիտի զգացուի, բայց կը նշէ, որ իրեն համար ան չէ մահացած, ան չկայ ֆիզիկապէս, «բայց արդեօ՞ք Շարլ Ազնաւուր անունը կրելով հնարաւոր է մեռնիլ»:
Փարիզ 9-րդ թաղամասը կ՛անուանեն «Փոքրիկ Հայաստան», փոխթաղապետը ըսաւ , որ այնտեղ ձեռնարկ պիտի կազմակերպուի այն հատուածին մէջ, ուր Շարլը ապրած է պատերազմի տարիներուն:
Գովչեան հետեւած է Հայաստանի մէջ ընթացող յիշատակի արարողութիւններուն, կը կարծէ, որ սա բազմաթիւ ձեռնարկներու սկիզբն է, բայց ատկէ զատ պէտք է յաւերժացուի անոր յիշատակը, եւ մարդիկ բոցավառուին իր օրինակով:
«Այն, ինչ ըրած է երգահանը Հայաստանի համար, անչափելի է, եւ այն սէրը, որ ան ունէր Հայաստանի հանդէպ, եթէ ամէն հայ ունենայ իր մէջ, արդէն շատ լաւ կ՛ըլլայ: Շարլ Ազնաւուր ազգային հերոս էր, հայ ազգը միշտ ալ ունեցած է հերոսներ, որոնք կրցած են վեր բարձրանալ եւ հիմա ալ կրնայ իր մէջ գտնել երիտասարդներ, որոնք թերեւս ոչ նոյն կերպով, «բարձրացնեն» Հայաստանը: Թէեւ մեր հայրենիքը Ֆրանսան է, բայց մեր մայր հայրենիքը Հայաստանն է, մեր սիրտը միշտ Հայաստանի եւ Արցախի հետ է»,- շեշտած է ան:
Էլլադա Ղուկասեան, «Մետիամաքս»