Հայաստան Հիմնադրամը Պիտի Դարձնենք 21-րդ Դարուն Յարիր Կազմակերպութիւն. Հայկակ Արշամեան

Հայաստան, Սփիւռք

«Դեռ որոշուած չէ, թէ ինչ խորագիրով պիտի իրականացուի «Հեռուստամարաթոն-2018»-ը, սակայն այդ ուղղութեամբ քննարկումներ կ՝ընթանան: Այն ամէնուն, ինչին հասցուցած եմ ծանօթանալ, կը համարեմ դրական: Խրախուսելի է, որ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հիմնադրամի հետ կը համագործակցի տարբեր ոլորտներու մէջ, եւ այդ աջակցութիւնը հիմնադրամին շատ մեծ է»,- ըստ Artsakhpress.am-ի՝ յայտնած է աշխատանքային այցով Ստեփանակերտ ժամանած Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի նորանշանակ գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան:

Ըստ գործադիր տնօրէնին՝ ոչ միայն յառաջիկայ թելեթոնին, այլ նաեւ, ընդհանրապէս, հիմնադրամի աշխատանքներուն նկատմամբ լաւատեսօրէն տրամադրուած է:

«Մէկ մեծ խնդիրը չի կրնար ազդել ամբողջ հիմնադրամի գործունէութեան վրայ, որ երկար տարիներու պատմութիւն ունի: Իմ աշխատանքով ես խնդիր ունիմ ո՛չ միայն հիմնադրամի հեղինակութիւնը  բարձրացնելու հետ, այլեւ պիտի փորձենք ամբողջ կազմով հիմնադրամը 21-րդ դարուն յարիր լուրջ կազմակերպութեան վերածել»,- ըսած է Արշամեան: