Կառավարութիւնը Դռնփակ Պիտի Քննարկէ Համաներում Յայտարարելու Մասին Որոշումին Նախագիծը

Հայաստան

ՀՀ կառավարութիւնը, Հոկտեմբեր 4-ի նիստին, դռնփակ պիտի քննարկէ համաներում յայտարարելու մասին որոշման նախագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Անիկա մենք պիտի  քննարկենք դռփակ տարբերակով, որովհետեւ օրէնքը կը նախատեսէ, որ Ազգային ժողովի յանձնաժողովի նիստին քննարկումը պէտք է ըլլայ դռնփակ: Տրամաբանական պիտի չըլլայ, եթէ կառավարութեան նիստին դռնբաց քննարկուի, յետոյ ԱԺ յանձնաժողովի նիստին դռնփակ»,- կառավարութեան այսօրուան նիստին սկիզբը ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: