ԱՄՆ-էն Արցախ Ժամանած Բժիշկները Կ՝իրականացնեն Անվճար Հետազօտութիւններ Եւ Վիրահատութիւններ

Հայաստան, Սփիւռք

Յատուկ առաքելութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Արցախի Հանրապետութիւն ժամանած բժիշկներու խումբը կ՛իրականացնէ ընդհանուր եւ անօթային վիրաբուժական, ակնաբուժական, քաթարաքթ, վնասուածքային օրթոպեդիկ (ծունկի յօդի էնտոփրոթեզաւորում, ծունկի յօդի եւ ուսային յօդի արթրոսքոփիա, ինվազիւ նեարդային (պարանոցի անօթներ)), ինվազիւ սրտաբանական միջամտութիւններ, էնտոսքոփիա եւ քոլոնոսքոփիա, կանացի հիւանդութիւններու վիրահատութիւններ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»-ի գործադիր տնօրէն Արմէն Խաչատրեան նշած է, որ շուրջ երեք ամիս է՝ Արցախի բժիշկները տեսակապ հաստատած են ժամանած հիւրերուն հետ, եւ այդ ընթացքին նախապէս ներկայացուած է արձանագրուած հիւանդներու ցուցակը:

«Ծրագիրով նախատեսուած է, ընդհանուր առմամբ, կատարել մօտ 220-240 վիրահատութիւն, որոնցմէ 70-ը՝ աչքի, 20-25-ը՝ ընդհանուր վիրաբուժական, 16-ը՝ յօդի եւ այլն, ինչպէս նաեւ 13 սրտի եւ գլխուղեղի հետ կապուած հետազօտութիւններ՝ անկիոկրաֆիք բաժանմունքին մէջ: Որքան կը կարենանք այս ծաւալի վիրահատութիւններ իրականացնել, ցոյց կու տայ ժամանակը: Բերուած է մօտ 240,000 տոլարի սարք եւ 80,000 տոլարի դեղորայք ու բժշկական պարագաներ»,- ըսած է Ա. Խաչատրեան:

Անոր խօսքով՝ Արցախի մէջ առաջին անգամ ժամանած բժիշկները պիտի կատարեն գլխու անկիոկրաֆիք հետազօտութիւն: Եւ եթէ նախապէս արձանագրուած բոլոր հիւանդներու վիրահատութիւններն ու հետազօտութիւնները նշուած ժամկէտներուն մէջ չիրականացուին, ուստի, Հոկտեմբեր 6-ին, Ֆրեզնոյէն պիտի ժամանէ բժիշկներու եւս մէկ խումբ, ուր կան համապատասխան մասնագէտներ, որոնք եւ պիտի կատարեն բժշկական միջամտութիւն:

«Adventist Health Glendale» բժշկական կեդրոնի դեղագէտ Ռոմիկ Իսքանտարեան նշած է, որ արդէն չորրորդ տարին է, որ նշեալ ծրագիրով կ՝այցելեն Հայաստան:

«Ասիկա մեր առաջին այցն է Արցախ: Ուրախ ենք համագործակցելու այստեղի բժիշկներուն հետ, քանի որ, կը կարծեմ, որ նախաձեռնութիւնը նաեւ տեղի բժիշկներու հետ փորձի փոխանակման հնարաւորութիւն պիտի տայ: Ամէն տարի մենք Հայաստանէն կը մեկնինք կրկին վերադառնալու եւ մեր հայրենակիցներուն օգնելու ցանկութեամբ»,- ըսած է Ռ. Իսքանտարեան:

«Adventist Health Glendale» բժշկական կեդրոնի միջամտութեան նեարդաբանութեան բաժանմունքի տնօրէն, նեարդաբոյժ Միքայէլ Գրիգորեան նշած է, որ առաջին անգամ Արցախի մէջ իրականացած է քնային զարկերակի տեղադրում:

«Վիրահատութիւնները, որոնք կատարուած են այսօր, Արցախի պատմութեան մէջ իրականացած են առաջին անգամ ըլլալով: Բացի այդ, ծրագիրին ծիրէն ներս պիտի փորձենք օգտակար ըլլալ նաեւ տեղացի բժիշկներուն, ինչպէս նաեւ օգնել մեր հայրենակիցներուն, որպէսզի անոնք եւս հնարաւորութիւն ունենան բուժուելու ժամանակակից մեթոտներով: Այստեղ կայ հմուտ եւ գրագէտ միջամտութեան սրտաբաններու խումբ, որուն մենք կը փոխանցենք յաւելեալ գիտելիքներ, որպէսզի անոնք նոյն յաջողութեամբ կարենան պարանոցի եւ գլխուղեղի շրջանի հիւանդութիւնները բուժել: Յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին կը ծրագրաւորենք եւս քանի մը վիրահատութիւն իրականացնել»,- աւելցուցած է Մ. Գրիգորեան:

Իսկ ակնաբոյժ-վիրաբոյժ Միրէյ Համբարեան նշած է, որ վիրահատութիւնները կ՝ընթանան յաջող կերպով:

«Այսօր ունինք մօտ 10 վիրահատութիւն: Անոնք պարզ վիրահատութիւններ չեն, սակայն յոյս ունիմ, որ տեղի բժիշկներուն օգնութեամբ անոնք պիտի աւարտին յաջողութեամբ: Կը կարծեմ՝ ծրագիրը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ՝ հնարաւորութիւն տալով յառաջիկայ տարիներուն կրկին օգտակար ըլլալու մեր հայրենակիցներուն»,- աւելցուցած է Մ. Համբարեան: