ՀՀ Նախագահի Հրամանագիրներով ԲՀԿ-ն եւ ՀՅԴ-ն Ներկայացնող Նախարարները Պաշտօնանկ Եղան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի ստորագրած հրամանագիրներով պաշտօնանկ եղած են կառավարութեան մէջ «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ ՀՅԴ կուսակցութիւնները ներկայացնող նախարարները։ Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

ՀՀ նախագահի հրամանագիրներով պաշտօնանկ եղան ՀՀ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար Արթուր Գրիգորեանը, ՀՀ փոխադրամիջոցի, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար Աշոտ Յակոբեանը, ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեանը, ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեանը, ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանը, ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Լեւոն Վահրադեանը։

Նախապէս՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գրութեամբ՝ նախագահին առաջարկուած էր պաշտօնազրկել վերոնշեալ նախարարները։