Կլենտէլի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Արցախ» Փողոցի Անուանակոչութեան Պաշտօնական Արարողութիւնը
Կլենտէյլի կեդրոնը գտնուող «Արցախ» պողոտայի անուանակոչման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 2-ին՝ քաղխորհուրդի անդամներու, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի ներկայացուցիչներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու եւ համայնքի անդամներու մասնակցութեամբ: Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան պատմական համարեց օրը՝ նշելով, որ այսպիսով, քաղաքը կը ճանչնայ հայ համայնքի տասնեակ տարիներու ներդրումը Կլենտէյլի կայացման ու զարգացման գործին մէջ:
«Կլենտէյլի հայ համայնքը սկսած է ձեւաւորուիլ նախորդ դարի 70-ականներէն, երբ տարբեր երկիրներէ ժամանած հարիւր հազարաւոր հայերու համար քաղաքը դարձաւ տուն, ուր հայերը հիմնեցին տուներ, աշխատանք ստեղծեցին, մեծցուցին իրենց զաւակները: Հայերը իրենց սիրտն ու հոգին դրած են՝ աշխուժօրէն մասնակցելով Կլենտէյլի զարգացման, եւ այսօր այս քաղաքը կը համարուի ԱՄՆ-ի մէջ հայերու կեդրոնը: Քաղխորհուրդը, հակառակ տարբեր ճնշումներուն, կրցաւ հաստատել եւ վերջապէս ունենալ հայկական տեղանունով վայր մը, որ կը ներկայացնէ նաեւ հայոց պատմութիւնը, մշակոյթն ու ժառանգութիւնը եւ կը ճանչնայ հայերու ներդրումը այս քաղաքին մէջ: Խորհրդանշական է, որ այդ փողոցը կը կրէ Արցախ անուանումը՝ Հայաստանի մէկ մասին, որ դարերու ընթացքին դիմակայած է տարբեր ցեղերու ու կայսրութիւններու յարձակումները: Այսօր, Կլենտէյլի մէջ Արցախ անուանումով փողոցը նշանաւոր կը դառնայ նաեւ աշխարհի ազատատենչ մարդոցմով, ու նաեւ՝ ազատութեան ու անկախութեան ամերիկեան հաւատը»,- ըսաւ Զարեհ Սինանեան:

Սինանեան այնուհետեւ խօսքը փոխանցեց Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյին, որ կարեւոր համարեց հայկական անուանումով պողոտային առկայութիւնը աշխարհի ամենահայաշատ քաղաքներէն մէկուն մղջ: «Նոր վերադարձած եմ Արցախ իմ երկրորդ ուղեւորութենէն, եւ կ՝ուզեմ ըսել, որ շատ կը սիրեմ Արցախն ու արցախցիները՝ մարդիկ, որոնք ապրելով հրադադարի խախտման ամէնօրեայ սպառնալիքի պայմաններու մէջ՝ խաղաղասէր են ու շատ հանգիստ: Արցախցիները պայքարած են իրենց հողին համար, եւ անոնց ոգին անկոտրուն է: Ուրախ եմ, որ Կլենտէլը այսօր, ի դէմս Արցախի փողոցի, կը ճանչնայ այդ ոգին»,- յայտնեց Էնթընի Փորթանթինօ՝ աւելցնելով, որ քարեր բերած է Աղդամէն, որոնք տեղադրեց Արցախի փողոցին մէկ անկիւնը:

Արցախի փողոցի պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, որ ըսաւ. «Արցախի մէջ շատ ոգեւորուած էինք, որ Կլենտէլի մէջ փողոց կ՝անուանակոչուի մեր երիտասարդ հանրապետութեան պատուին: Ասիկա վկայութիւնն էր, որ մեր համագործակցութիւնը Քալիֆորնիոյ հետ կը շարունակուի, հաշուի առնելով փաստը, որ նահանգը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը»: Ռոպերթ Աւետիսեան նշեց, որ Արցախի պատմութիւնը նմանութիւն ունի ամերիկեանին՝ ազատութեան, յամառութեան, արժանապատւութեան, յարգանքի, ընկերասիրութեան ու հիւրասիրութեան առումով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Կլենտէյլի իշխանութիւններուն, եւ բոլորը հրաւիրեց Արցախ:
Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Կլենտէյլի քաղխորհուրդի անդամներ Արա Նաճարեան, Փօլա Տիվայն, Վրէժ Աղաճանեան, Վարդան Կարապետեան: Անոնք նշեցին, որ շատոնց հասունցած էր Կլենտէյլի մէջ հայկական անուանումով անկիւն ստեղծելու պահը՝ հաշուի առնելով հայ համայնքի զգալի ներդրումն ու մասնակցութիւնը քաղաքի զարգացման գործին մէջ:
Կլենտէյլի Ուիլսըն եւ Հարվըրտ փողոցներուն մէջտեղը երկարող Մերիլէնտ փողոցը Արցախ անուանակոչելու որոշումը ընդունուած է Կլենտէյլի քաղխորհուրդի անդամներու միաձայն քուէարկութեամբ, 2018 Մարտ 13-ի նիստին:
Նանէ Աւագեան
«Ասպարէզ»
