ԲՀԿ-ն Վարչապետի Թեկնածու Չառաջադրելու Պաշտօնական Որոշում Դեռ Չունի

Հայաստան

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը վարչապետի թեկնածու չառաջադրելու պաշտօնական որոշում դեռ չէ կայացուցած: Ըստ Armenpress.am-ի՝ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին, այս մասին ըսած է «Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ԱԺ փոխխօսնակ Միքայէլ Մելքումեան:

«Մենք պաշտօնական տեսակէտ չենք յայտնած: Առանձին գործիչներ կրնան կարծիք յայտնել: Մենք դեռ պիտի քննարկենք»,- ըսած է Մելքումեան:

Ան նշած է, որ բանակցութիւնները չեն աւարտած տակաւին, երբ բոլոր կողմերը քննարկեն հարցը, իրենք հանդէս պիտի գան պաշտօնական յայտարարութեամբ:

Մելքումեան նաեւ աւելցուցած է, որ Հոկտեմբեր 2-ին ՀՀ վարչապետի հետ միայն բանակցութիւններ եղած են, լսած են կառավարութեան տեսակէտը: