Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւ Մեկնեցաւ
Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս կարճ այցելութեամբ Ժընեւ մեկնեցաւ` յաջորդաբար հանդիպումներ ունենալու Սիսի կաթողիկոսարանի դատի իրաւաբաններու եւ «Մետաքսեայ Ճամբուն» մասին Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք համագումարի նախապատրաստական յանձնախումբին հետ, ինչպէս նաեւ մասնակցելու միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող այլ հանդիպումներու:
Վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանք պիտի վերադառնայ Շաբաթ օր:
