Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի Մէջ Պիտի Մասնակցի Ազնաւուրի Հոգեհանգիստի եւ Յուղարկաւորութեան Արարողութիւններուն
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրի հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն: Այս մասին վարչապետ Փաշինեան տեղեկացուց դիմատետրի ուղիղ եթերով:
«Հինգշաբթի երեկոյեան պիտի մեկնիմ Ֆրանսայի մայրաքաղաք՝ մասնակցելու Շառլ Ազնաւուրի հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի վերադառնամ Շաբաթ օրը»,- նշեց Նիկոլ Փաշինեան:
