Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Գործակալութիւնը Կը Խոստանայ Աջակցիլ Արցախի Ականազերծման

Աշխարհ, Հայաստան

Ամերիկայի Հակ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցած քննարկումի մը ընթացքին, պատասխանելով քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի հարցումին, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու համակարգողի օգնական Պրոք Պիրմըն խոստացաւ շարունակել Արցախի ականազերծման աշխատանքները՝ «Հէյլօ Թրասթ»ի միջոցով։

Ան այս հաստատումը կատարեց Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին առջեւ վկայութիւն տալու ընթացքին:

Պըրմըն նկատել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներ աւելի քան 43 միլիոն տոլար յատկացուցած է Արցախին եւ այդ գումարին շնորհիւ ականազերծման համար նախատեսուած տարածքին 97.6 առ հարիւրը մաքրուած է:

Իր կարգին, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի Եւրոպայի հարցով ենթայանձնախումբի նախագահ Տանա Ռոհրպախըր նշեց, որ ականազերծումը լաւագոյն նախագիծերէն է, որուն Միացեալ Նահանգներ կրնայ առանց վերապահութեան աջակցիլ:

Քոնկրեսական Շըրմըն եւս շեշտեց, որ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է Հայկական Սփիւռքի տարբեր ներկայացուցիչներու հետ՝ քննարկելով Հայաստանի եւ շրջանին աջակցութիւն ուղարկելու հաւանական հեռանկարները:

Վկայութիւնը դիտելու համար, այցլել https://youtu.be/0m2Fo8V6j6A կայքէջը, իսկ այս գծով Ամերիկայի Հակ Դատի յանձնախումբին տարած գործունէութեան ծալքերուն ծանօթանալու համար, այցելել

www.anca.org/anca360 կայքէջը։