Ինչ Պէտք է Գիտնալ «Ազգային Ժողովի Կանոնակարգ» Օրէնքի Փոփոխութեան Մասին
Ազգային ժողովի ՀՀԿ, Ծառուկեան եւ ՀՅԴ խմբակցութիւնները այսօր երեկոյեան արտահերթ նիստով մը՝ հրատապ կարգով՝ ընդունեցին «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին նախագիծը։ Նախագիծը ընդունուեցաւ երկրորդ ընթերցումով եւ վերջանականապէս։ Առաջին ընթերցումով այս դրոյթը ամրագրուած չէր նախագիծին էմջ։ Միայն երէկ երեկոյեան ներկայացուած է նոր առաջարկ ու հրատապ կարգով այսօր անիկա ընդունուեցաւ։ Քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ առանց ուղիղ հեռարձակման, լրագրողներու մուտքը փակ էր նիստին։ Դէմ քուէարկեց միայն ԵԼՔ խմբակցութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Civilnet.am-ը
– Նախագիծին կողմ քուէարկած է 67 պատգամաւոր՝ 105-էն։
– Երեք խմբակցութիւնները փոփոխութիւնը ըրած են խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները չարտօնելու համար։
– Մինչեւ տարեվերջ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու նպատակին մասին յայտարարած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
– Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու համար, ըստ Սահմանադրութեան, վարչապետը պէտք է հրաժարական տայ, որմէ ետք երկու անգամ խորհրդարանը պէտք չէ կարենայ ընտրել վարչապետ եւ արձակուի օրէնքի ուժով։
– Գործնականօրէն, ժողովուրդը կրնար պատգամաւորներուն չարտօնել մտնել խորհրդարան եւ ապահովել անհրաժեշտ քանակը։ Երկու նման գործողութենէ ետք՝ ԱԺ-ն, ըստ Սահմանադրութեան, կը ցրուի։
– Այժմ օրէնքի նախագիծը կը սահմանէ, որ եթէ կայ խոչընդոտ ԱԺ նիստը շարունակելու, ԱԺ նիստը պէտք է ընդհատուի, ոչ թէ համարուի չկայացած: Այսինքն, քանի դեռ ժողովուրդը պատգամաւորներուն չարտօներ մտնել ներս եւ քանակ ապահովել, ԱԺ նիստը կը համարուի ընդհատուած։
– Այս դրոյթը կը վերաբերի ԱԺ բոլոր նիստերուն, սակայն ընդունուած է յատուկ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները կանխելու նպատակով։
Իրաւաբան Վահէ Գրիգորեանի դիտարկումները
– Оրենքը դեռ պէտք է ստորագրէ Հանրապետութեան նախագահը, որ ատիկա ընելու համար Սահմանադրութեամբ ունի 21 օր ժամանակ:
– Այս ժամկէտին ընթացքին՝ Հանրապետութեան նախագահը ունի Սահմանադրական դատարան դիմելու լիազօրութիւն՝ օրէնքի սահմանադրականութեան ստուգման նպատակով:
– Սահմանադրական դատարանը այս դիմումը կրնայ քննել եւ որոշումը կայացնել մինչեւ երեք ամսուան ընթացքին:
– Սահմանադրական դատարանի՝ օրէնքի Սահմանադրութեան համապատասխանութեան մասին որոշումէն ետք Հանրապետութեան նախագահը ունի ընդամէնը հինգ օր օրէնքը ստորագրելու եւ հրապարակելու համար: Կրնայ եւ ընտրել չստորագրելու տարբերակը, որուն պարագային օրէնքը կը ստորագրուի եւ կը հրապարակուի ԱԺ նախագահին կողմէ հինգ օրուան ընթացքին:
– Դեռ չորս ամիս կայ, մինչեւ այս օրէնքը ուժի մէջ մտնէ՝ ընդունողներուն համար լաւագոյն սենարի պարագային:
