Պաքուի Մէջ Ցուցարարները Կը Պահանջեն Ղարաբաղի «Ազատագրման» Ռազմական Գործողութիւն

Աշխարհ

Պաքուի մէջ հանրահաւաքի մասնակիցները իշխանութիւններէն կը պահանջեն սկսիլ Ղարաբաղի «ազատագրման» ռազմական գործողութեան:

Հանրահաւաքը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 29-ին Ատրպէյճանի մայրաքաղաքի Եասամալ շրջանի մարզական ու առողջապահական համալիրի մարզադաշտին մէջ: Հաւաքի կարգախօսներն էին «Սկսիլ հակաահաբեկչական գործողութեան Ղարաբաղի մէջ» եւ «Ազատագրել Ղարաբաղը», կը յայտնէ panorama.am-ը:

Հաւաքը կազմակերպած էր «Ղարաբաղ» հանրային կոմիտէն, որ թոյլատրուած էր իշխանութիւններուն կողմէ:

Ղարաբաղի ազատագրման կազմակերպութեան ղեկավար Աքիֆ Նագին հաւաքին յայտարարած է, որ իրենց նպատակն է բարձրացնել Ղարաբաղի «ազատագրման» հարցով հանրային աշխուժութիւնը:

«Մեր տարածքները 26 տարի «գրաւուած են», միլիոնաւոր հարկադրուած գողթականներ չեն կրնար վերադառնալ իրենց հայրենի վայրեր: Ժամանակն է դիմել վճռական գործողութիւններու»,-ըսած է Աքիֆ Նագին:

Հանրահաւաքը աւարտած է ժամը 5-ին` յայտարարութեան ընդունումով, որ պահանջ կը ներկայացուի իշխանութիւններուն` «սկսելու հակաահաբեկչական գործողութեան` Ատրպէյճանի տարածքները ազատագրելու համար», «ազատ արձակել քաղբանտարկեալները», «իրականացնել ժողովրդավարական բարեփոխումներ», «պայքարիլ փտածութեան դէմ», «ուժեղացնել վեթերաններու, ընտանիքներու ընկերային պաշտպանութիւնը»: