Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Նորանշանակ Գործադիր Տնօրէնը
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նորանշանակ գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Պետրոս Թերզեանը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Հայկակ Արշամեանը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն նշանակուելու առիթով եւ յոյս յայտնած, որ անոր նշանակմամբ հիմնադրամը նոր կեանք եւ նոր թափ կը ստանայ:
«Տեղեակ եմ, որ այս ընթացքին հիմնադրամին առջեւ բաւական խնդիրներ գոյացած են եւ ատոնց հրատապ լուծման անհրաժեշտութիւն կայ: Հարկաւոր է ունենալ յստակ պատկերացում, թէ ինչպէս պէտք է ատոնք լուծուին: Պարոն Թերզեան, կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզի այս ճգնաժամային շրջանին Ձեր ստանձնած դերակատարութեան եւ ջանքերուն համար, որպէսզի մենք այս իրավիճակին կարենանք կառուցողական լուծում բերել: Եւ ընդհանրապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ձեզի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գոյութեան ողջ ընթացքին ձեր ծաւալած գործունէութեան համար: Յոյս ունիմ, որ հիմնադրամի նոր տնօրէնը եւ հոգաբարձուներու խորհուրդը կը կարենան ներկայացնել եւ իրականացնել հիմնադրամի զարգացման յստակ ծրագիրներ»,- նշած է վարչապետը:
Պետրոս Թերզեան եւս շնորհաւորած է Հայկակ Արշամեանը հիմնադրամի նորանշանակ գործադիր տնօրէնի պաշտօնը ստանձնալու առիթով: «Վստահ եմ, որ պարոն Արշամեանը ճիշդ անձ է համապատասխան տեղի եւ պայմաններու մէջ: Կը յայտնեմ իմ պատրաստակամութիւնը` ընելու այն, ինչ պէտք է: Վստահ եմ, որ այս հոյակապ կառոյցը, որ այդքան մեծ ներդրում ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական վերելքին մէջ, իր առջեւ ունի մեծ ապագայ` շնորհիւ Ձեր աջակցութեան: Կը կարծեմ` Նոր Հայաստանի պայմաններուն մէջ պէտք է յաղթահարենք դժուարութիւնները, որոնք վստահ եմ, ժամանակաւոր են, եւ անցնինք նոր հանգրուանի, նոր ծրագիրներու իրականացման մեր Հայաստանի ու Արցախի համար»,- ըսած է պարոն Թերզեան:
Հայկակ Արշամեան շնորհակալութիւն յայտնած է հիմնադրամի յանձնաժողովին` իր թեկնածութիւնը պաշտպանելու համար: «Կը կարծեմ` հիմնադրամը պէտք է վերածել 21-րդ դարու կառոյցի, որովհետեւ այն խնդիրները, որոնք դրուած եղած են հիմնադրամին առջեւ, արդէն մնացած են նախորդ դարու մէջ: Այժմ մենք պէտք է աշխատինք նաեւ օգտագործել ոչ միայն թելեթոնները, մարդոց զանգելով հանգանակութիւն ընելու մեքանիզմները, այլ նաեւ առցանց հարթակներու մէջ փորձենք որքան հնարաւոր է շատ մարդիկ ներգրաւել, թէկուզ փոքր գումարներ հանգանակելու, խօսքը նոյնիսկ 500, 1000 դրամի մասին է: Պէտք է փորձենք այդպէս ողջ հայութիւնը ներգրաւել Հայաստանի զարգացման գործին մէջ: Հիմնադրամի գործունէութեան թիրախներէն մէկը պէտք է ըլլայ ապահովել Սփիւռքի եւ ընդհանրապէս համայն հայութեան մասնակցութիւնը հայաստանեան գործընթացներուն: Իմ առջեւ խնդիր դրած եմ բարձրացնել հիմնադրամի նկատմամբ եղած վստահութիւնը, որ պէտք է դրուի աւելի բարձր մակարդակի վրայ, ինչ որ կապուած է նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն հետ: Մենք Նոր Հայաստանի մէջ պէտք է ունենանք նոր եւ իրական համահայկական հիմնադրամ»,- աւելցուցած է Արշամեան:
«Կարեւոր է, որ այս ընթացքին հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին, հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահին հետ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն է, կրցանք իսկապէս իրականացնել խմբային աշխատանք: Յոյս ունիմ, որ սա ոչ թէ արձանագրուած ցաւալի ճգնաժամի յաղթահարումն է, այլ նոր էջ մը հիմնադրամի հեղինակութեան, գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ ընդհանրապէս որպէս ազգային համախմբման կարեւոր հիմնարկ կայացման իմաստով»,- ըսած է վարչապետը:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հիմնադրամի յետագայ գործունէութեան առնչուող հարցեր:
