Հրապարակուած են Երեւանի Աւագանիի Արտահերթ Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքները

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը արտահերթ նիստի ընթացքին ամփոփեց Երեւանի աւագանիի 2018 թուականի Սեպտեմբեր 23-ի արտահերթ ընտրութիւններու քուէարկութեան արդիւնքները եւ ստորագրեց համապատասխան արձանգրութիւնը: ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը,  քուէարկութեան վերջնական արդիւնքները հետեւեալ տեսքը ունին․

Բոլոր 475 տեղամասերուն մէջ կատարուած հաշուարկով «Իմ քայլը» դաշինքի օգտին քուէարկած է 294 հազար 92 քաղաքացի կամ ընտրութեան մասնակիցներու 81.05 տոկոսը:

Երկրորդ տեղը «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնն է, որուն օգտին քուէարկած է 25 հազար218 ընտրող կամ ընտրութեան մասնակիցներու 6.95 տոկոսը:

Երրորդը «Լոյս» դաշինքն է, որու օգտին քուէարկած է 18 հազար 114 ընտրող կամ ընտրութեան մասնակիցներու 4.99 տոկոսը:

ՀՅԴ-ի օգտին քուէարկած է 5882 ընտրող կամ 1.62 տոկոսը, «Երկիր ծիրանի» կուսակցութեան օգտին քուէարկած է 5 հազար 59 մարդ կամ ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքացիներու 1.39 տոկոսը, ՕԵԿ-ի օգտին քուէարկած է 3947 ընտրող կամ 1.09 տոկոսը: «Երեւանցիներ» դաշինքի օգտին քուէարկած է 2986 քաղաքացի կամ 0.82 տոկոսը:  «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան օգտին քուէարկած է 2709 ընտրող կամ 0.75 տոկոսը: «Երեւանի հանրութիւն» դաշինքի օգտին քուէարկած է 2502 քաղաքացի կամ 0.69 տոկոսը: «Հայկազուններ» կուսակցութեան օգտին քուէարկած է 692 ընտրող կամ 0.19 տոկոսը: «Ռեֆորմիստներ» կուսակցութեան օգտին քուէարկած է 792 ընտրող կամ 0.22 տոկոսը: «Ժողովրդավարական ուղի» կուսակցութեան օգտին քուէարկած է է799 քաղաքացի կամ 0.22 տոկոսը:

Ընտրելու իրաւունք ունեցողներու ընդհանուր թիւը կազմած է է 848 հազար 343, որոնցմէ քուէարկութեան մասնակցած է 370 368 քաղաքացի, կամ 43,66 տոկոս, իսկ անվաւեր քուէաթերթիկներուն թիւը 7539 է:

Այսպիսով՝ Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքով՝ 65 իրաւագիրէն “Իմ քայլը” դաշինքին բաժին կ՛իյնայ 57 իրաւագիր, ԲՀԿ-ին՝ 5, «Լույս» դաշինքին՝ 3: