Արցախի Մէջ Զինուոր Մը Նահատակուած է
Հոկտեմբեր 1-ին` ժամը մօտ 10:50-ին, Պաշտպանութեան բանակի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, ծանր հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1997-ի ծնունդ Գէորգ Սուրէնի Եարոյեանը:
Վիրաւորում ստացած զինծառայողը տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց, ուր ժամը մօտ 15:05-ին մահացած է:
Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
