Արցախը Կ՛ողջունէ Սահմանագիծին Վրայ Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Համաձայնութիւնը

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութիւնը կ՛ողջունէ սահմանագիծին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելուն վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի համաձայնութիւնը, բայց հարցին կը մօտենայ որոշ վերապահութեամբ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան:

«Եթէ քաղաքական գնահատական տանք, հետաքրքրական եւ ողջունելի զարգացում է: Այն երեք կէտերը, որոնց շուրջ համաձայնած են, շատ կարեւոր են: Սակայն այստեղ կայ վերապահութիւն, որ Ալիեւին եւ առհասարակ ատրպէյճանական ղեկավարութեան ամբողջապէս վստահիլը ճիշդ չէ, որովհետեւ ամէնէն նենգ ձեւով, ամէնէն անյարմար պահուն անոնք կրնան որեւէ համաձայնութիւն խախտել, ինչ որ  ցոյց տուած է փորձառութիւնը: Այնուամենայնիւ, յուսանք, որ այս անգամ դրական որեւէ ազդեցութիւն կը ձգէ այս համաձայնութիւնը»,- նշած է Բաբայեան:

Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը նշած է, որ կարճ ժամանակի ընթացքին որեւէ փոփոխութիւն պէտք չէ ակնկալել:

«Պէտք է սպասել: Այս համաձայնութիւնը մենք պէտք է դիտարկենք ո՛չ թէ երկու ժամուան կամ մէկ-երկու օրուան կտրուածքով, այլ երկարատեւ»,- ըսած է ան:

Դաւիթ Բաբայեանի համաձայն, ասոր վերաբերեալ Ալիեւի համաձայնութիւնը կրնայ կախեալ ըլլալ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան նկատմամբ տարբեր ատեաններու ճնշումներէն:

«Հետաքրքրական է, որ անկէ առաջ համանախագահները շատ կարծր յայտարարութիւն կատարեցին: Վստահաբար, անիկա նախ եւ առաջ ուղղուած էր Ատրպէյճանին, որովհետեւ այդ կողմն է զինադադարի դրութիւնը խախտողը, եւ հետաքրքրական զուգադիպութիւն է, որ Ռուսիոյ  նախագահը պաշտօնական տեսանկիւնէ ծանօթացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները: Նկատի առնելով, որ Ռուսիան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներէն մէկն է, չի բացառուիր, որ Ալիեւը շատ առանձնայատուկ դրութեան մէջ մտած է, որ կայ  բաւական մեծ ճնշում անոր վրայ, եւ պատեհ առիթ գտած է ե՛ւ ծանօթանալու Հայաստանի Հանրապետութեան նոր ղեկավարին, ե՛ւ ինքզինք ցոյց տալու, իբրեւ կառուցողական կողմ»,- նշած է Դաւիթ Բաբայեան:

Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը նաեւ նշած է, որ այս ընթացքին իրավիճակը սահմանին վրայ կայուն է: