Forbes «Տաշիր» Ընկերութիւնը Ներառած է Ռուսիոյ 200 Ամենամեծ Մասնաւոր Ընկերութիւններու Ցանկին Մէջ
Ամերիկեան յայտնի Forbes պարբերականը հրապարակած է Ռուսիոյ 200 ամենամեծ մասնաւոր ընկերութիւններու ցանկը, ուր յայտնուած է նաեւ ռուսաստանաբնակ հայազգի գործարար Սամուէլ Կարապետեանին պատկանող «Տաշիր» ընկերութիւնը:
Ինչպէս հաղորդում է «Արմենփրես»-ը, «Տաշիր» ընկերութիւնը Ռուսիոյ 200 ամենամեծ մասնաւոր ընկերութիւններու ցանկին մէջ 48-րդն է:
Ըստ պարբերականի, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հասոյթը 2018-ին կազմած է 164 միլիառ ռուբլի: Ընկերութիւնը ունի 45.000 աշխատող:
Forbes-ի վարկածով Ռուսիոյ ամենամեծ մասնաւոր ընկերութիւնը «Լուքոյլ»-ն է, երկրորդը X5 Retail Group-ն է, երրորդը` «Սուրկութնեֆթէկազ»-ը:
