Տուշանպէի Մէջ Նիկոլ Փաշինեանի Մասնակցութեամբ Սկսած է ԱՊՀ Գագաթնաժողովը

Աշխարհ, Հայաստան

Տաճիկստանի մայրաքաղաք Տուշանպէի մէջ սկսած է ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստը: Ըստ armenpress.am-ի՝ նիստին, բացի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն, կը մասնակցին նաեւ Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Տաճիկստանի, Ուզպեքիստանի, Խրխզիստանի, Ղազախստանի, Մոլտովայի, Ատրպէյճանի նախագահները, ինչպէս նաեւ Թուրքմենիստանի փոխվարչապետը:

Նիստին որոշում կայացուած է՝ ԱՊՀ նախագահութիւնը 2019-ին փոխանցելու Թուրքմենիստանին:

Երկիրներու առաջնորդները ժամանած են Տուշանպէի կառավարութեան ընդունելութիւններու տուն, ուր կ՝ընթանայ պետութիւններու ղեկավարներու նեղ կազմով նիստը, որուն պիտի յաջորդէ ընդլայնուած կազմով նիստը: