Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ Տուշանպէի Մէջ Կարճ Զրոյց Մը Ունեցած են (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, այսօր, Տուշանպէի մէջ ունեցած են կարճ զրոյց մը:

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ Տուշանպէի մէջ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու նեղ կազմով հանդիպման սկիզբէն առաջ, երկիրներու ղեկավարները համատեղ լուսանկարուած են, որմէ ետք Հայաստանի վարչապետն ու Ատրպէյճանի նախագահը կողք կողքի քալած են տեսախցիկներու առաջ փոխանակելով քանի մը բառ: