Ապետեանի Եւ Սամուէլեանի Ստեղծագործութեանց Ցուցահանդէս Ֆրեզնոյի Մէջ
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4-ին, երեկոյեան ժամը 5-էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական եւ արուեստի բաժանմունքներուն համագործակցութեամբ՝ տեղի պիտի ունենայ արուեստագէտներ Հենրիկ Ապետեանի եւ Վարազ Սամուէլեանի ստեղծագործութեանց ցուցահանդէսին բացումը։
Ֆրեզնոյի քաղաքամէջը գտնուող «Կրեճըուէյթ» ցուցադրասրահին մէջ (1419 M Street Fresno, CA 93721) կայանալիք սոյն ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 28, իսկ ցուցադրասրահը բաց է Ուրբաթէն Կիրակի, կ.ե. ժամը 12-4։
Ցուցահանդէսին ընթացքին պիտի ներկայացուին նշեալ երկու արուեստագէտներուն այն ստեղծագործութիւնները, որոնք կ՛առնչուին պատերազմի հարցով անոնց դիրքորոշումներուն։
Այս առիթով, Չորքշաբթի, Հոկտեմբեր 3-ին, երեկոյեան ժամը 5։30-6։30, քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ համալսարանի Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ՝ Ապետեանի, նոյն համալսարանի Ստեղծագործութեան եւ արուեստներու կեդրոնի վարիչ դոկտ. Սինտի Ուրութիայի եւ Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին, կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքը:
