2019-ի Ամավարկի Նախագիծը Հաւանութեան Արժանացաւ. Տնտեսական Աճը` 4,9 Տոկոս, Գնաճը` 2,7

Հայաստան

Այսօր կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «ՀՀ 2019-ի պետական ամավարկի մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը: Ըստ որուն`  2019-ի համախմբուած ամավարկը կը գնահատուի` եկամուտներու գծով` 1,533.7 միլիառ դրամ (առանց միջամավարկային փոխանցումներէ ստացուող մուտքերու), ծախսերու գծով` 1,685.3 միլիառ դրամ (առանց միջամավարկային փոխանցումներու), պակասուրդը` 151.6 միլիառ դրամ:

ՀՀ համայնքներու 2019 թուականի ամավարկերը կը գնահատուին ` եկամուտներու գծով` 138.9 միլիառ դրամ (ներառեալ` պետական ամավարկէն ստացուող պաշտօնական դրամաշնորհները), ծախսերու գծով` 138.9 միլիառ դրամ:

Օրինագիծով կը նախատեսուի, որ ՀՀ կեդրոնական դրամատունը 2019-ի ընթացքին օրէնքով վերապահուած իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ դրամավարկային քաղաքականութեան վերաբերեալ որոշումներ ընդունելու ընթացքին պիտի առաջնորդուի 12-ամսեայ գնաճի 4 +/-1.5 տոկոսային կէտ տատանումներու թոյլատրելի միջակայքին մէջ նպատակային ցուցանիշով:

Ինչպէս նշեց Ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեան, նախագիծը մշակուած է` հաշուի առնելով քանի մը նոր հանգամանքներ: Ըստ անոր` առաջինը հարկապիւտճէտային կանոններն են, որոնց համաձայն` պէտք է իրականացուի հարկապիւտճէտային քաղաքականութիւն, որ, մասնաւորապէս, պէտք է ունենայ պարտքը կայունացնելու միտում:

«Տրամաբանութիւնը հետեւեալն է` պարտք պիտի վերցնենք, որպէս կանոն, ընդհանուր ծախսերու համար, պարտք պիտի չվերցնենք ընթացիկ ծախսեր ֆինանսաւորելու համար»,- ըսաւ Ելեւմուտքի նախարարը:

Ըստ Ջանջուղազեանի` յաջորդ առանձնայատկութիւնն այն է, որ 2019-էն պետական ամավարկը պէտք է ունենայ ծրագրային ձեւաչափով օրէնքով ներկայացում, ինչ որ կը նշանակէ, որ ֆինանսական միջոցները, որոնք կ՛օգտագործուին ամավարկի ծիրէն ներս, ըստ էութեան, պիտի ըլլան երկրորդական:

«Կարեւոր կը նկատուին արդիւնքային ցուցանիշները, այն միջոցառումները, որոնք կը նախատեսուին իրականացուիլ այդ արդիւնքներուն հասնելու համար»,- նշեց նախարարը:

Ըստ անոր` ծախսերու կառուցուածքին մէջ հիմնական տեսակարար կշիռը բաժին կ՛իյնայ ընկերային, մշակութային բնագաւառի ծախսերուն` շուրջ 44 տոկոս:

Արարատ Միրզոյեան, անդրադառնալով «ՀՀ 2019-ի ամավարկի մասին» օրինագիծին, նշեց. «Մենք կը նախատեսենք որոշ փոփոխութիւններ, որոնց մէջ` հարկային, նաեւ տնտեսութեան վրայ ազդեցութիւն գործող այլ օրէնսդրութիւն, բարեփոխումներ կ՛առաջարկենք: Աշխատանքներ պիտի տարուին նաեւ պետական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ, որոնք պիտի յանգեցնեն ծախսային արդիւնաւէտութեան: Կը կարծեմ` ատոնք ազդեցութիւն պիտի ունենան 2019-ի ամավարկին վրայ, եւ մենք յընթացս որոշ փոփոխութիւններ պիտի ընենք դէպի ալ աւելի լաւը»:

Ջանջուղազեան նշեց, որ վերանայուած է 2018 թուականի տնտեսական աճի կանխատեսումը, կ՛ակնկալուի, որ անիկա 4,5 տոկոսի փոխարէն ըլլայ 6,5 տոկոս: Քանի որ փոխուած է հիմքը 2019 թուականի համար, հետեւաբար նուազած է կանխատեսումը 2019 թուականի համար` 5,3 տոկոսի փոխարէն անիկա պիտի կազմէ 4,9 տոկոս: Կը կանխատեսուի, որ գնաճը ըլլայ 2,7 տոկոս, որ թոյլատրելի (2,5-5,5 տոկոս) միջինի մէջ է: