Փաշինեանի Պնդումները Կրնան Կաթուածահար Ընել Բանակցութիւնները. Հաճիեւ

Աշխարհ, Հայաստան

Սեպտեմբեր 25-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ յայտարարեց, որ Արցախի տագնապի կարգաւորման հասնելու համար, Ատրպէյճան պէտք է երկխօսութեան սկսի Արցախի՛ Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ եւ հրաժարի տագնապին ռազմական լուծում տալու գաղափարէն՝ իրագործելով բոլոր նախորդ համաձայնագիրներուն պայմանները:

Ըստ «Ազատութիւն» լրատուականին՝ արձագանգելով Փաշինեանի այս յայտարարութիւններուն՝ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի Արտաքին յարաբերութիւններու վարչութեան պետ Հիքմեթ Հաճիեւ Սեպտեմբեր 26-ին յայտարարած է, թէ նման պնդումներ կրնան ամբողջովի՛ն կաթուածահար ընել բանակցային գործընթացը:

«Եթէ Հայաստան կ՛ուզէ բանակցութիւններուն մէջ յառաջդիմութիւն տեսնել, ապա պէտք է իրագործէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին համապատասխան բանաձեւերը, դուրս բերէ զօրքերը գրաւեալ տարածքներէն եւ դադրի խոչընդոտելէ ատրպէյճանցի փախստականներուն վերադարձը»,- Ատրպէյճանի պետական լրատու գործակալութեան ըսած է Հաճիեւ: