Նիւ Եորքի Մէջ Կայացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարներու Հանդիպումը
Սեպտեմբեր 26-ին, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Ստեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (ԱՄՆ) միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ՝ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրչիք։
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան տեղեկութիւններով՝ հանդիպումը սկսած է նախ ընդլայնուած ձեւաչափով, ապա արտաքին գործոց նախարարները առանձնազրոյց ունեցած են։ ԱԳ նախարարը վերահաստատած է ԼՂ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումն ու մօտեցումները։
Տեղի ունեցած է միտքերու օգտակար փոխանակում հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ` ուղղուած տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման։ Զրուցակիցները համաձայնած են շարունակել երկխօսութիւնը, ներառեալ` յառաջիկային համանախագահներու տարածաշրջան կատարելիք այցին ծիրէն ներս։
