«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Հեղինակութիւնը Վերականգնելու Համար Կ՝օգտագործուին Բոլոր Հնարաւորութիւնները. ԱՀ Նախագահ

Հայաստան, Սփիւռք

Մենք այս պահուն խնդիր ունինք վերականգնելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հեղինակութիւնը, եւ այդ ուղղութեամբ կ՝իրականացուին աշխատանքներ:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ այս մասին, նախօրէին, Ազգային ժողովի մէջ կայացած օրէնսդիր-գործադիր հարցուպատասխանի ժամանակ, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան՝ աւելցնելով, որ, ինք՝ օգտագործելով իւրաքանչիւր առիթ, ՀՀ նախագահի եւ վարչապետի հետ քննարկումներու ժամանակ կ՝անդրադառնայ հիմնադրամին առնչուող հարցերուն:

«Հիմնադրամի ժամանակաւոր տնօրինութիւնը ստանձնած էր Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեան, եւ այդ ընթացքին մենք ունեցած ենք քանի մը հանդիպում: Հեռախօսազրոյց ունեցած եմ նաեւ հոգաբարձուներու խորհուրդի շարք մը անդամներու հետ, բազմաթիւ քննարկումներ՝ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու հետ, եւ այդ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ որոշում ընդունուած է մրցոյթ կազմակերպելու, որմէ ետք հիմնադրամի տնօրէն ընտրուած է Հայկակ Արշամեան: Հիմնադրամի միւս պատասխանատուներուն հետ ան կը պատրաստուի գալ Արցախ, որմէ ետք մենք համատեղ պիտի նախանշենք մեր յետագայ քայլերը»,- մանրամասնած է Հանրապետութեան նախագահը: