Արցախի Մէջ Զոհուած է Զինծառայող Աղասի Մկրտչեանը

Հայաստան

Սեպտեմբեր 26-ին, ժամը 20:10-ի սահմաններուն, ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներով, զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1999-ի ծնունդ Աղասի Դերէնիկ Մկրտչեանը: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: