Հպարտ Ըլլանք եւ Անսակարկելի

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սարգիս Մանուկեան

Դարաշրջանի եւ ժամանակակից հասարակութեան մէջ, ընկերային համակարգը, շնորհիւ գիտաշխարհին տուած, ընդձեռած բարիքներուն, առաւելութիւններուն, դիւրութիւններուն, բազմապատկած է հասկացողութիւն, արժէք, նուիրում, անշուշտ աւելի անհատական մակարդակով՝ եսասիրական քան՝ ազգային, որուն դիմաց բնականաբար տուժած է եւ կը շարունակէ տուժել ազգայինը, մշակութայինը: Մօտեցումը, զգացումը համատարած է եւ ոչ թէ սահմանափակուած հայուն կամ հայկականին: Պայքարը բազմաճակատ է:

Ժամանակակից հայ սփիւռքը, որ աւելի աշխարհատարած է քան երբեք, դարձած է նաև աշխարհամոլ իր տեղի եւ մշակոյթի ՝՝մեքենային՝՝ միջոցաւ եւ սկսած է ընդունուիլ որպէս բնական երեւոյթ եւ տրամաբանական հետեւանք: Նոյն ժողովուրդի հայ զաւակը, հիւսիսային թէ հարաւային կիսագունդին վրայ, անգլիախօս, ֆրանսախօս թէ արաբախօս դարձած է խորթ ազգային արժէքներու եւ մանաւանդ լեզուի նկատմամբ եւ սկսած է որդեգրել կեցուածք, դատողութիւն, պատկանելիութիւն, գործածութիւն, որոնք իրենց կարգին կարճ ժամանակ մը առաջ կը նկատուէին հակաազգային լայն հասարակութեան կողմէ եւ նոյնիսկ դատապարտուած, մերժուած, իսկ ներկայիս՝ ՝՝ինքնատիպ՝՝: Ներկայի պատկերը բնականաբար ունի իր թեր ու դէմ մօտեցումները:

Շատ հաւանաբար, ազգային այդ հասկացողութեամբ, հայ սփիւռքը սկսաւ իր մայրամուտը ապրիլ 1970-ական թուականներէն վերջ երբ մէկը միւսին ետեւէն Կիպրոս (1974թ.ի թրքական ներխուժում, գրաւում) Պարսկաստան, Լիբանան, Իրաք, Սուրիա եւ դարձեալ Իրաք, որոնց կողքին զերծ չմնացին Յորդանան (Իսրայէլ-Պաղէստին) և Եգիպտոս, ուր հինը, պատմականը, ազգայինը պարպուեցաւ եւ ստեղծուեցաւ նոր հոսանք, ոչ թէ անպայման գաղթականութեան այլ մտայնութեան, դատողութեան եւ ազգային-մշակութային չափանիշներու նկատմամբ ապակեդրոնացում: Ծնունդ առաւ անհատը, անհատականը, անհատականութիւնը, ՝՝Ես՝՝ը:

Ո՞վ է ազգայինը, ո՞վ է հայը եւ արդեօք հայերէն գիտնալը եւ խօսիլը կարեւոր է եւ նախապայման տուեալ մշակոյթի բոլոր պահանջքները բաւարարելու:

Հակառակ սփիւռքի մեծութեան, որ սահմանակից է բոլոր ովկիանոսներուն տակաւին ՝՝Հին Լսարանի՝՝ զանգը, բայց նաեւ որպէս ահազանգ կը հնչէ շատերուս մօտ: Սահմաններու տարածութինը այլեւս արգելք մը չէ նաև որ կարճ ժամանակի մէջ դառնանք Մարքօ Փոլօ, Մակէլլան կամ Քոլոմպոս: Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան անոնցմէ մին է, որ իր գործին եւ առաքելութեան ընթացքին, զանց առնելով նաւահանգիստները, օդակայանէ-օդակայան անցնելով, կը փնտռէ նաև հայկականը, հայը, ազգային մշակոյթը կամ կը փորձէ գտնել շաղկապը եւ ապա որպէս համադամ ճաշի ՝՝Բաղադրագիր՝՝ մեզի կը հրամցնէ իր օրագիրը:

Զարմանալի չէ, որ վերջերս, իր գիրքի ՝՝Սփիւռքահայ Կեանքեր՝ Ինչպէս Որ Տեսայ՝՝ 2018թ.ի  հրատարակութենէն և բազում շնորհահանդէսներէն վերջ, նմանօրինակ շնորհանադէս մը տեղի ունենայ նաեւ Աւստրալիա՝ Սիտնի: Այո՛ Աւստրալիա իր Նոր Զելանտիա  ճանապարհին, ընկերակցութեամբ Տիկնոջ՝ Դոկտ. Արտա Ճէպէճեանի, որ կատարած է գրքին մանրազննին եւ դժուարին խմբագրութիւնը ուր Հրայր կը նկարագրուի որպէս անսակարկելի հաւատարմութեամբ հայուն, հայրենիքին, եկեղեցիին, մշակոյթին, պահանջատիրութեան, մամուլին եւ սփիւռքին նուիրեալ իր մորթին ամենաջնջին բջիջներով անգամ:

Հակառակ մեր 80-ական թուականներու հանդիպումներուն՝ Լիբանան եւ Եգիպտոս, ասիկայ երկրորդ հանդիպումն էր ի Սիտնի: Օգոստոս 4-ին Սիտնիի Առաքելական Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ Էտկարեան սրահէն ներս, Առաջնորդ սրբազան հօր՝ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպս. Նաճարեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը: Հաստափոր գիրքին ներկայացումը կատարուեցաւ դիւանապետ Նշան Պասմաճեանի կողմէ:

Դոկտ. Հ. Ճէպէճեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ սփիւռքը ընտրութիւն չէ, այլ հետեւանք: Հայապահպանումի ճակատամարտը՝ սփիւռքի ճակատամարտ է, որ ունի իր զոհերը եւ զոհերը սկսած են աւելնալ, բայց մենք պէտք է շարունակենք պատմել մեր պատմութիւնը:

Հրայր Ճէպէճեան գիտակից է, որ որպէս սփիւռք, պետականութիւն կը դիմագրաւենք հազար ու մէկ դժուարութիւններ: Սփիւռքի տարածքին տարբեր ենք, բայց օտար չենք, մեր արմատը, մեր ծառը մէկ է: Սրբազան հայրը հիւրը որակեց որպէս Աստուծոյ մարդը, որ իր կրօնասիրութեան կողքին ունի հայրենասիրութիւն և ամբողջական նուիրում հաւատք և սէր հայրենիքին նկատմամբ:

Կիրակի 5 Օգոստոսին ՀԲԸՄիութեան եւ ԱՀԱԸնկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած էր դասախօսութիւն ՀԲԸՄ.ի կեդրոնատեղիին մէջ ՝՝Հայկական Մշակոյթ Ամբողջական Կեանք եւ Շարունակականութեան Հիմք՝՝ խորագիրով, որու ընթացքին փոխն ի փոխ զեկուցեցին Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեանները:

Դոկտ. Հրայր իր զեկոյցի ընթացքին թելադրեց որ ազգային կառույցներու նկատմամբ պէտք է յարգանք ունենալ, որոնք իրենց կարգին ըլլան քաջալերական: Երկլեզուանի կամ բազմալեզու ըլլալը խելացիութեան չափանիշ է ընդգծեցին խօսնակները, ինչպէս նաև կեանքի ու գործի յաջողութեան գրաւական ու բանալի: Ընկերալեզուաբան Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան նշեց որ խօսակցութիւնը կարեւոր է, հոգ չէ թէ, որոշ վրիպումներով կամ պէտք չէ անպայման պարտադրել որ բերանացիին կողքին ունենան նաև գրականը: Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան իր ասպարէզին բերումով, տուաւ լեզուի ուսուցման դժուարութիւններու կողքին, տարբեր մօտեցումներ որ կարելի է կիրարկել, ինչպէս նաեւ հոգեբանական բարդ կացութիւններ, որոնք առլցուն են այսօր, մեր նոր հայ երիտասարդ սերունդին եւ լայն հասարակութեան մօտ:

Այո՛ պայքար կայ եւ պէտք է շարունակել պայքարը, մանաւանդ երբ նկատի առնենք, որ գրեթէ ամէն երկու շաբաթ կը մեռնի, կ՛ոչնչանայ լեզու մը: Խօսնակները սերտօրէն իրար կապեցին օրուայ սփիւռքի հոգեբանութիւնները, մօտեցումները լեզուի եւ մշակութայինի նկատմամբ՝ միահիւսելով ցեղասպանութեան, միջավայրի, պատերազմական, գիտական, հաղորդակցութեան զարգացման եւ արագ տարածման ազդակները: Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան սիրայօժար իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց եւ ժամանակը տրամադրեց Աւստրալահայ գաղութի դպրոցական ցանցին, որ որպէս ընկերալեզուաբան պատրաստ է գալու եւ համապատասխան աշխատանք տանելու տեղի հայեցի կրթութեան պատասխանատուներուն հետ: Տեղի ունեցաւ հարց պատասխան: Զգալի էր ներկաներուն հայ մշակոյթի եւ լեզուի կորուստին մտահոգութիւնը բայց խօսնակներուն նկատմամբ գնահատականը՝ անվերապահ: Սրբազան հայրը անգամ մը եւս շեշտեց որ մեր մշակոյթը նոր չէ, Սումերական բեւեռագիր եւ այլ սեպագիր վկայութիւններ կան այդ մասին և այսօր բոլորիս պարտականութիւնն է յաջորդ սերունդին փոխանցել այս դարերու խորքէն եկող հարստութիւնը:

Ճէպէճեաններուն պատգամը, ընդհանրապէս, այս երկու ձեռնարկներուն եւ իրենց կեցութեան ընթացքին եղաւ հպարտ ըլլալ եւ անսակարկելի:

Այո՛ հպարտ, անսակարկ, անզիջող: Մեզմէ իւրաքանչիւրը մեր ժամանակի եւ միջավայրի պտուղն է՝ կարկտահար, սառցահար, արեւահար եւ կամ արեւահամ: Հպարտութիւնը, եթէ չեմ սխալիր, արդիւնք է շօշափելի եւ տեսանելի արարքներու, որոնք շատ յաճախ ՝՝Երկարակեաց՝՝ չեն եւ ՝՝Հերոսներ՝՝ շատ արագ կը փոխուին: Ստեղծագործ ժողովուրդի ժառանգութիւնն է որ հպարտութեան շաղախն է , որ պէտք է մնայ անփոփոխ, սակայն այսօր դժբախտաբար այդ ՝՝շաղախն՝՝ է որ տոկուն, ամուր , զօրաւոր չէ եւ հետեւաբար ատակ ՝՝Ճեղքուածքներ՝՝ ունենալու եւ երբեմն, որպէս ՝՝Թուղթէ դղեակներ՝՝ փուլ գալու: Ո՞ւր կը մնայ հպարտութիւն,անսակարկութիւն, անզիջողութիւն: Հոս է իրականութիւնը եւ մեր պայքարը: Հայերէն լեզուի կողքին կրնանք ունենալ երկրորդ մը կամ վեցերորդ լեզու մը եւ ոչ թէ ունենալ 5 լեզու, որոնց շարքին չիկայ, կը պակսի, բացակայ է հայերէնը: Ճէպէճեան ամոլը արդարացի հպարտութեամբ նշեցին որ իրենց զաւակները հայերէն լեզուի կողքին քաջատեղեակ են անգլերէնին, յունարէնին, արաբերէնին եւ այլ լեզուներու: (Չ)գիտնալ,(չ)սորվիլ կամ դիտմամբ անտեսել եւ մերժել՝ Փանտորայի տուփը բանալ կը նշանակէ:

Այո՛ հայը եղած է և այսօր ալ ծանօթ է որպէս ՝՝Բազմալեզու՝՝ իր օտար դրացիին, բարեկամին կամ գործընկերոջ կողմէ: Բայց ի՞նչ է մակարդակը, որակը այդ ՝՝հայերէնին՝՝, որ այսօր նոյնիսկ Հայաստանի մէջ անգամ աղաւաղուած է հարիւրաւոր , նոյնիսկ  հազարաւոր օտար բառերու ներածումով եւ հայերէնացած գործածութեամբ, որոնց համապատասխան բառերը կան, շատ հաւանաբար ոչ սեպագիր արձանագրութիւններու մէջ բայց մեր հայկազեան բառարաններուն մէջ անպայման: Այս օրերուս գործածական եւ ընդհանրացած բառերէն օրինակ մը՝ Կորուպցիա:
Ինչ՞ու գործածել կորուպցիա  երբ կայ, ունինք կաշառակերութիւն : Շաղախը ճեղքուածքներ ունի իր հիմքերուն վրայ: Կաշառակերութիւնը սակարկելի եղած է ամէն մակարդակի ու խաւի: Աղջիկ քեզի կ՛ըսեմ, հարս դուն հասկցիր:

Ես հպարտ եմ, որ հայ եմ և քիչ մը աւելի որ Սփիւռքահայ եմ, թէեւ ոչ իմ ընտրութեամբս, ինչպէս պիտի ըսէր Դոկտ. Հ. Ճէպէճեան: Իմ ժառանգութիւնս, մշակոյթս, լեզուս անսակարկելի է, բայց հպարտ եմ հայրենիքի ու Արցախի այլ նուաճումներով՝ սկսեալ Վահագնի Ծիր Կաթինով, իրարյաջորդ մեր հանրապետութիւններով, Նախիջեւան կանչող՝ Արցախեան մեր նոր մարտիկներով, Էջմիածինն ի Հօրէ՝ մոմաճրագ սեղանով: Պիտի չուզէի լսել, տեսնել, վկայել ազգային, մշակութային, պետական, կրօնական թերացումներ, հայրենի հողին վրայ, որոնք վնասակար են եւ ազգագործան եւ ժողովուրդին համար խոցելի՝ ի սփիւռս աշխարհի կամ ի հայաստան:

Ճէպէճեաններուն եւ բոլոր նմանօրինակ պայքարողներուն՝ վարձքերնիդ կատար, գրիչը եւ լեզուն միշտ անսպառ: