Հայաստանի Մէջ Ֆինանսական Ծառայութիւններու Տարածաշրջանային Կեդրոն Պիտի Հիմնուի
Աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուող Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ ունեցած է ֆրանսական շարք մը մեծ ձեռնարկութիւններու ղեկավարներու հետ, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»։
ADS ընկերութեան ղեկավարութեան հետ հանդիպման ժամանակ նախագահ Արմէն Սարգսեան անդրադարձած է ՀՀ ներդրումային գրաւչութեան ու գործարար միջավայրին, ներկայացուցած է փոխգործակցութեան ներուժը: Կողմերը պայմանաւորուած են Հայաստանի մէջ ֆինանսական ծառայութիւններու տարածաշրջանային կեդրոն հիմնելու վերաբերեալ:
Նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է օդագնացութեան տիեզերական ոլորտի առաջատար ընկերութիւններէն մէկուն` THALES-ի ղեկավարութեան հետ: Զրուցակիցներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ընկերութեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Հոկտեմբեր 10-ին նախատեսուող գործարար համաժողովին:
Նախագահ Սարգսեան կարեւոր համարած է ֆրանսական յայտնի ընկերութեան գործուն եւ աշխոյժ մասնակցութիւնը համաժողովի աշխատանքներուն:
Միջուկային եւ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ մասնագիտացած հանրայայտ Orano ընկերութեան ղեկավարութեան հետ հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան քննարկած է Հայաստանի մէջ ընկերութեան գործունէութեան հետ կապուած հարցեր:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ անհրաժեշտ է ընդլայնել ընկերութեան ներկայութիւնը մեր երկրին մէջ, մասնաւորապէս մասնակցութիւնը հայկական հիիլէական կայանի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման գործին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցած է նաեւ սննդամթերքի առաքման ոլորտին մէջ գործունէութիւն ծաւալող յայտնի Sodial ընկերութեան ղեկավարութեան հետ: Հանդիպման ընթացքին խօսուած է համագործակցութեան հնարաւորութիւններու մասին: Մասնաւորապէս, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ ընկերութեան պատուիրակութիւնը այցելէ Հայաստան` ուսումնասիրելու սննդարդիւնաբերութեան ոլորտը եւ արտահանման հեռանկարները:
Խօսելով մեր երկրի ընձեռած մրցակցային առաւելութիւններու մասին` Սարգսեան առաջարկած է Հայաստանի հնարաւորութիւնները օգտագործել որպէս դարպաս` դէպի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան շուկաներ:
Հանրապետութեան նախագահը հանդիպած է հանրայայտ Dassault ընկերութեան ղեկավար Օլիւիեր Տասոյի հետ: Կողմերը պայմանաւորուած են համատեղ գործակցութեան յստակ ծրագրի վերաբերեալ, որու մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին եւ ներկայացուին յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:
Արմէն Սարգսեան Մտքերու գագաթնաժողովի (Summit of Minds) ծիրէն ներս Սեպտեմբեր 23-ին աշխատանքային նախաճաշ ունեցած է Եւրոպական Խորհրդարանի, ինչպէս նաեւ երկու տասնեակէ աւելի յայտնի ընկերութիւններու, հիմնադրամներու, կազմակերպութիւններու ու դրամատուներու ( ինչպէս` ամերիկեան Google, Nasdaq, Cargyll, McKinsey, Revolution, զուիցերական Nestlé, Pictet եւ Lombard Odier, ֆրանսիական Groupe Accor, Publicis, OneRagtime, Société Générale, ռուսական «Ալֆա պանք», բրիտանական Bridgepoint եւ Kleinwort Hambros) ղեկավար կազմի ներկայացուցիչներուն հետ:
