Էրտողանի Կողմնակից Յայտնի Պոլսահայը Թրքամէտ Քարոզչութեամբ Զբաղած է
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան
Հակառակ Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներուն՝ Սթամպուլի որոշ հայեր կը գովաբանեն թրքական վարչակարգը եւ յատկապէս անոր ֆաշիստ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:
Էրտողանի կողմնակից այս փոքրաթիւ հայերը, որոնք կ՝օգտուին յատուկ արտօնութիւններէ եւ մուտք ունին բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաներու մօտ, իրենց կը ներկայացնեն իբրեւ տեղի հայկական համայնքի շահերու պաշտպաններ: Սակայն, իրականութեան մէջ, անոնք ունին շահադիտական դրդապատճառներ: Անոնք անձնական գործարարական շահեր ունին կաշառակերութեան մէջ խրուած թուրք ղեկավարներու հետ կամ կը ձգտին պահպանել իրենց ոչ արժանի դիրքերը հայկական համայնքային հաստատութիւններու մէջ: Նման անհատներէն մէկը Սթամպուլի հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի վարչութեան նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն է:
Վերջերս, «ԱՄՆ ֆորում» թուրք-ամերիկեան թերթի լրագրող Փինար Իշիք Արտորին տուած հարցազրոյցի մը մէջ, Շիրինօղլուն շարք մը կեղծ յայտարարութիւններ ըրած է Թուրքիոյ հայ համայնքի մասին եւ խեղաթիւրած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը:
Ըստ Սթամպուլի «Նոր Մարմարա» թերթին՝ Շիրինօղլուի խօսքերը «ցնցիչ էին»: Շիրինօղլուն «ԱՄՆ ֆորում» թերթին ըսած է, որ հայերը երբեք այնպիսի բարեկեցիկ կեանքով չեն ապրած, ինչպէս Էրտողանի իշխանութեան օրօք… Ան նաեւ սխալ յայտարարութիւններ ըրած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, նշելով, որ «1915-ի դէպքերը կազմակերպուած էին արտաքին ուժերու կողմէ՝ Օսմանեան կայսրութեան կործանման եւ տապալման նպատակով»:
Բացի այդ, Շիրինօղլուն նաեւ ըսած է «ԱՄՆ ֆորում»-ին. «Էրտողանէն առաջ, մենք նոյնիսկ չենք կրցած ներկել կամ վերանորոգել մեր եկեղեցիները: Մենք ատիկա կրցանք ընել, երբ պետութիւնը ձեւացուց, թէ չի նկատեր նման գործողութիւնները»: Շիրինօղլուն բազմիցս պնդած է, որ ան բարի գործեր ըրած է Թուրքիոյ հայ համայնքին համար: Քանի մը տարի առաջ ան ըսած է, որ ինքը հանդիպում խնդրած է Էրտողանի հետ, որ անմիջապէս ստացած է: Ան հարցուցած է Էրտողանին արտօնել խաչ տեղադրել Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ: Ըստ տեղեկութիւններուն, ան ըսած է Էրտողանին. «Ինչպէս դուք չէք կրնար մզկիթ ունենալ առանց մինարեթի, այնպէս ալ հնարաւոր չէ եկեղեցի ունենալ առանց խաչի»: Շիրինօղլուն պնդած է, թէ «Էրտողանը մէկ գիշերուան ընթացքին խաչը տեղադրել տուաւ Աղթամարի եկեղեցւոյ վրայ»: Եթէ Շիրինօղլուն այդքան ազդեցիկ էր, ուստի ինչո՞ւ չէր խնդրած վերականգնել Աղթամարի կարգավիճակը իբրեւ հայկական եկեղեցի, «թանգարան»-ի փոխարէն, արտօնելով կրօնական արարողութիւններ իրականացնել միայն տարին մէկ անգամ… Շիրինօղլուն նաեւ անտեսած է այն փաստը, որ հայերը եւ այլոք ամբողջ աշխարհի մէջ, ներառեալ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը, պահանջած էին խաչի տեղադրումը եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ: Այնպէս որ, միայն Շիրինօղլուն չէր դիմած նման խնդրանքով:
Շիրինօղլուն ժխտած է արեւմտեան տարբեր զեկոյցներ, որոնք կը նշեն, թէ հայերու կրօնական իրաւունքները սահմանափակուած են Թուրքիոյ մէջ՝ զանոնք անուանելով «կեղծ սենարներ»: 67-ամեայ Շիրինօղլուն ըսած է թրքական թերթին. «Իմ մանկութեան տարիներէն ի վեր հայերը որեւէ խնդիր չեն ունեցած»:
Երբ թուրք լրագրողը յիշեցուցած է Շիրինօղլուին, որ հայերը դժգոհ են անոր խօսքերէն, ան պատասխանած է. «Երբ չես խօսիր անոնց ուզածին պէս, անոնք թշնամաբար կը տրամադրուին: Ես կանգնած եմ պետութեան կողքին: Ես չեմ դաւաճաներ իմ սեփական երկրին: Ես հայ եմ, սակայն Թուրքիոյ հայրենակից: Մեր հաւատքը կը պատուիրէ մեզի հաւատարիմ ըլլալու պետութեան: Մեր Աստուածաշունչը նոյնը կը քարոզէ»:
Շիրինօղլուի ամենավիճայարոյց դատողութիւնները կը վերաբերին Հայոց Ցեղասպանութեան, անոր սխալ մեկնաբանութեան: Ան յայտարարած է, որ «կասկածներ ունի 1915-ի (հայկական զոհերի) թիւին վերաբերեալ: Ան աւելցուցած է, որ «այն ժամանակաշրջանին հայերը, հրեաները եւ յոյները հարուստ էին, ուստի այդ պատճառով թշնամանք կար անոնց հանդէպ: Այժմ հայ բնակչութիւնը աստիճանաբար կը նուազի: Ծնելիութեան մակարդակը ցած է, մահացութեան մակարդակը՝ բարձր: Կան նաեւ խառն ամուսնութիւններ»:
Երբ թուրք լրագրողը հարցուցած է Շիրինօղլուին, թէ արդեօք հայերը, յոյները եւ հրեաները համակարծի՞ք են իրեն, Շիրինօղլուն դրական պատասխան տուած է եւ աւելցուցած. «Մենք համաձայն չենք միայն 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ: Յոյն Պատրիարք Բարդուղիմէոսը ունի վերապահ եւ սկզբունքային դիրքորոշում, նաեւ պետութեան վերաբերեալ: Հրեաները նոյնպէս կը սիրեն պետութիւնը, սակայն անոնք եւս սկզբունքային են: Անոնք չեն հրաժարիր իրենց սկզբունքներէն: Այստեղ ապրող հրեաները չեն դաւաճաներ Թուրքիոյ, բայց կապուած են Իսրայէլի հետ»:
Աւարտին, Շիրինօղլուն պատասխանած է վերջերս թրքական լիրայի արժէզրկման մասին հարցին: Կրկնելով հարցին Էրտողանի տուած նոյն պատասխանը, Շիրինօղլուն մեղադրած է արտաքին ուժերը՝ «թրքական տնտեսութեան դէմ այս խաղը» կազմակերպելու համար:
Առաջին անգամ չէ, որ Շիրինօղլուն Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նման յայտարարութիւններ ըրած է: Օրինակ, 2010-ին, վարչապետ Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք՝ ան թրքական լրատուամիջոցներուն ըսած էր, թէ «1915-ը ուրիչ բան չէր, եթէ ոչ երրորդ կողմերու հրահրած թշնամանք երկու իրար սիրող բարեկամներու միջեւ»: Ան աւելցուցած էր, որ իր «մեծ հայրը զոհերուն մէջ էր, սակայն անոնց մէջ կային նաեւ շատ թուրքեր»:
Դեռ 2010-ին, պոլսահայերը դիմումագիր ներկայացուցած էին, յայտարարելով, որ Շիրինօղլուն իրենց առաջնորդը չէ եւ չի ներկայացներ հայկական համայնքը: Զայրացած Շիրինօղլուի յայտարարութիւններէն, դիմումատուները ընդգծած էին՝ «Մենք կ՝ապրինք այլ Թուրքիոյ մէջ»՝ ոչ Շիրինօղլուի նկարագրած Թուրքիոյ…
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը
