Զոհրապ Մնացականեան Մինսկի Խումբի Համանախագահներուն Ուշադրութիւնը Հրաւիրած է Ատրպէյճանի Կողմէ Իրավիճակի Լարման Պարբերական Փորձերուն Վրայ
Սեպտեմբեր 25-ին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով Նիւ Եորք գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Ստեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (ԱՄՆ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրչիքի հետ:
ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախարար Մնացականեան մէկ անգամ եւս վերահաստատած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ յանգուցալուծման Հայաստանի յանձնառութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորման կարեւորութիւնը՝ շեշտելով իրավիճակի սրման ուղղուած քայլերէն եւ յարձակողական հռետորաբանութենէն զերծ մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Այս առումով, Զոհրապ Մնացականեան եռանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ սահմանին եւ Արցախի հետ սահմանագիծին վրայ իրավիճակի լարման պարբերական փորձերուն վրայ, որոնց հետեւանքով զոհուած է Հայաստանի Զինուած ուժերու եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի երկու զինծառայող: Թիրախաւորուած է նաեւ խաղաղ բնակչութիւնը: Նախարարը շեշտած է, որ Պաքուի նման քայլերը լրջագոյն վտանգ կը ներկայացնեն խաղաղ գործընթացին, յատկապէս համանախագահներու միջնորդութեամբ արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ կայանալիք հանդիպման նախօրէին։
Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են ե՛ւ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, ե՛ւ համանախագահներու օրացոյցով ներառուած յառաջիկայ այլ քայլերու շուրջ։
