Եւրոխորհրդարանը Կը Չեղարկէ Թուրքիոյ 70 ՄԻլիոն Եւրոյի Օգնութեան Տրամադրումը

Աշխարհ

Եւրոպական խորհրդարանը կը չեղարկէ Եւրոմիութեան անդամակցելու գործընթացին աջակցելու նպատակով Թուրքիոյ 70 միլիոն եւրոյի դրամական օգնութեան տրամադրումը: Եւրոպական խորհրդարանի պիւտճէի յանձնաժողովէն տրուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ այդ գումարը պիտի ծախսուի գաղթականութեան ծրագիրներու վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը։

Կը նշուի, որ այդ օգնութեան փաթեթը 2018-ի Նոյեմբերին պէտք է Թուրքիոյ տրամադրուէր այդ երկիրին մէջ օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու ու մամուլի ազատութեան ոլորտին մէջ չափելի եւ բաւարար յառաջընթացի առկայութեան պարագային: Սակայն Եւրոխոհրդարանի պիւտճէի յանձնաժողովը, հիմք ընդունելով 2018-ի Ապրիլ 18-ին Թուրքիոյ վերաբերեալ ԵՄ-ի հրապարակած բացասական եզրակացութեամբ զեկոյցը, որոշում կայացուցած է չեղարկել փաթեթի տրամադրումը:

Օգնութեան փաթեթի տրամադրման չեղարկման վերաբերեալ ռումինացի պատգամաւոր Զիգֆրիտ Մուրեշանի առաջարկած որոշման նախագիծի օգտին քուէարկած է յանձնաժողովի 27 անդամ: Դէմ քուէարկած է 1 պատգամաւոր:

Յանձնաժողովին կողմէ ընդունուած որոշման նախագիծի վերջնական հաստատման համար անհրաժեշտ է, որ անիկա մէկ անգամ ալ քուէարկութեան դրուի ԵԽ-ի լիագումար նիստին: Աղբիւրին համոզումով Հոկտեմբեր 3-ին տեղի ունենալիք քուէարկութիւնը արդէն զուտ ձեւական բնոյթ պիտի կրէ որոշման վերջնական հաստատման համար: