Արցախի Կարգավիճակը եւ Անվտանգութիւնը Հայաստանի Բացարձակ Առաջնահերթութիւնը Պիտի Ըլլայ Բանակցային Գործընթացին Մէջ. Նիկոլ Փաշինեան
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը շարունակէ գերակշռել Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ է: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի 73-րդ նստաշրջանին: «Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան բացարձակ առաջնահերթութիւնը բանակցային գործընթացին: Հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելու ցանկացած փորձ ուղղակի սպառնալիք է տարածաշրջանային անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու համար: Հայաստանը պիտի շարունակէ իր կառուցողական ներգրաւուածութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ձեւաչափով, որուն ալ տրուած է հակամարտութեան կարգաւորման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ իրաւագիրը: Ատրպէյճանը պէտք է փոխէ բանակցութիւններու հանդէպ իր անյարգալից վերաբերմունքը, պէտք է լիովին հրաժարի ցանկացած ռազմական լուծման գաղափարէն եւ իրագործէ բոլոր նախորդ համաձայնագիրները»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է՝ եթէ Ատրպէյճանը իսկապէս հաւատարիմ է խաղաղ գործընթացին, պէտք է սկսի երկխօսիլ այս հակամարտութեան հիմնական տիրոջ` Լեռնային Ղարաբաղի հետ: «Ատրպէյճանը ամէն առիթով կը յայտարարէ, որ Ղարաբաղը պէտք է ըլլայ իր տարածքին մէկ մասը: Միեւնոյն ժամանակ կը յայտարարէ, որ պիտի չբանակցի Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Խնդիրը այն է, թէ ինչպէս կրնայ Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ յաւակնութիւն ներկայացնելու առանց նոյնիսկ Լեռնային Ղարաբաղի հետ երկխօսելու: Ատիկա հնարաւո՞ր է: Ատիկա հնարաւոր է, եթէ միայն Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կը հետաքրքրէ ոչ թէ ժողովուրդը, այլ՝ բուն տարածքը: Այսպիսով, ակնյայտ կը դառնայ, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան մտադրութիւնը այն է, որ Ղարաբաղը մաքրուի հայերէ, ինչպէս եղաւ Նախիջեւանի մէջ: Ասիկա իրաւունք կու տայ Լեռնային Ղարաբաղին ըսելու, որ Ատրպէյճանի մաս կազմելը Ղարաբաղի բնակչութեան համար կը նշանակէ լիակատար բնաջնջում: Հետեւաբար Ղարաբաղը պէտք չէ ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, եթէ ոեւէ մէկը չի փափաքիր թոյլ տալ հայ ժողովուրդի նոր ցեղասպանութիւն: Ամփոփելով` թոյլ տուէք վերահաստատելու. հակամարտութիւնը կրնայ եւ պէտք է կարգաւորուի միայն կողմերու փոխադարձ զիջումներու միջոցով` խաղաղութեան եւ ո՛չ թէ պատերազմի մթնոլորտի մէջ»,- ընդգծած է վարչապետ Փաշինեան:
Ելոյթի աւարտին՝ ՀՀ վարչապետը չափազանց կարեւոր համարած է իր երախտագիտութիւնը յայտնել Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղարին, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ջանքերուն եւ մօտեցումներուն հանդէպ իր անվերապահ աջակցութեան համար:
