Երեւանն ու Պեռլինը Գոհ Են Պաշտպանական Գործակցութենէն

Աշխարհ, Հայաստան

Պաշտպանական ոլորտի մէջ հայ-գերմանական համագործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուի:

Այդպիսի գնահատական տուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան` Սեպտեմբեր 19-ին ընդունելով Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիսլերը եւ ռազմական կցորդ Լուց-Միխայէլ Քրիստոֆ Լորենցենին, կը գրէ «Մետիամաքս»-ը:

Նախարարը ըսած է, որ համագործակցութիւնը կ՛իրականացուի մի քանի ձեւաչափով. փորձի փոխանակում, ռազմական կրթութիւն, համատեղ մասնակցութիւն Աֆղանստանի մէջ իրականցուող ՆԱԹՕ-ի առաքելութեան:

Մաթիաս Քիսլեր եւս բարձր գնահատած է համագործակցութեան ներկայ մակարդակը, նշելով, որ գերմանական կողմը պատրաստ է շարունակելու զարգացնել արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը:

Հանդիպման աւարտին Մաթիաս Քիսլերը ՀՀ ՊՆ Խաղաղապահ ուժերու զօրախումբի փոխգնդապետ Խաչատուր Սահակեանին յանձնած է «Պունտեսւերի ծառայութիւններու համար» մետալը:

Խաչատուր Սահակեան 2017 թուականին զբաղեցուցած է «Վճռական աջակցութիւն» առաքելութեան Գերմանիոյ հրամանատարութեան կազմին մէջ Քապուլի մէջ առաքելութիւն իրականացնող հայկական զօրախումբի հրամանատարի պաշտօնը եւ պարգեւատրուած գերմանական ուժերու հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար: