Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի եւ Շրջակայքի Վարչական Մարմինի Անդամ Դարձան Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի Երկու Թեկնածուներ
Այսու կը տեղեկացնենք, թէ Սուրիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Դատական Բարձրագոյն Յանձնախումբի հաղորդագրութեան հիման վրայ, Սուրիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու ընտրութեան արդիւնքով Հալէպի նահանգային Խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի թեկնածու Մարիա Գաբրիէլեան, իսկ Հալէպ նահանգի շրջակայքի վարչական միաւորին մաս կազմեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի թեկնածու Ներսէս Պարսումեան:
ՄԱՐԻԱ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ
Ծնած է Հալէպ: Աւարտած է Հալէպի Պետական Համալսարանի Իրաւաբանութեան ճիւղը, Դամասկոսի Պետական Համալսարանի Լրագրութեան ճիւղը, Համազգայինի Հայագիտական քառամեայ Հիմնարկը եւ Հալէպի Պետական Համալսարանի Բժշկական Ուսումնարանի Տարրալուծարանի ճիւղը:
Անդամ է Հալէպի Փաստաբանական պալատին:
Լրագրական եւ կրթական բնագաւառներէն ներս տարած է վաստակաշատ գործունէութիւն:
2012-էն ի վեր Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինին բանբերն է:
