Արփինէ Յովհաննիսեան ԵԽԽՎ Յանձնաժողովին Մէջ Բարձրաձայնած է Ատրպէյճանի Կողմէ Հայաստանի Սահմանամերձ Համայնքներու Գնդակոծման Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեան վեհաժողովի դիտարկման  յանձնաժողովի նիստի ընթացքին տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Կոթի գիւղի վրայ կրակ բանալու, ատոր հետեւանքով ՀՀ քաղաքացի Սուրէն Սեփխանեանը վիրաւորուելու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ քաղաքացիական այլ բնակավայրերու գնդակոծման վերաբերեալ: Արփինէ Յովհաննիսեան այս մասին գրած է ֆէյսպուքի իր էջին մէջ:

«Օգտուելով Հայաստանի վերջին ներքաղաքական իրադարձութիւններէն` ատրպէյճանական իշխանութիւնները կը փորձեն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հնարաւոր անյաջողութիւնները բարդել հայկական կողմին վրայ: Բազաթիւ անգամներ ըսած եմ եւ չեմ խորշիր եւս մէկ անգամ կրկնելէ` արցախեան հարցին մէջ մենք աւելի քան միասնական ենք:

«Ինչ կը վերաբերի յանձնաժողովի օրակարգային հարցերուն, ապա օրակարգին համապատասխան յանձնաժողովի խնդրանքով ներկայացուցած եմ Հայաստանի վերջին ներքաղաքական զարգացումները: Հաշուի առնելով յանձնաժողովի գործունէութեան գաղտնապահական կարգը` կայացուած որոշումներու, յանձնաժողովի դիրքորոշման մասին կը տեղեկացնեմ, երբ ատոնք գաղտնազերծուին»,- գրած է Յովհաննիսեան: