Հայաստանի եւ Արցախի ԱԳ Նախարարները ԼՂ Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորման Գործընթացին Վերաբերեալ Մտքեր Փոխանակած են
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Սեպտեմբեր 17-ին, հանդիպած է Արցախի իր գործընկեր Մասիս Մայիլեանի հետ։
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպումը մեկնարկած է արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն առանձնազրոյցով, ապա շարունակուած է ընլայլնուած կազմով՝ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ։
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ ընգծած են երկկողմ հանդիպումներու յաճախակի եւ առարկայական բնոյթը, որ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռնէ մանրակրկիտ անդրադառնալու օրակարգային բազմաթիւ խնդիրներու։
Կողմերը շեշտած են երկու երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններուն միջեւ պարբերական ոլորտային խորհրդակցութիւններու իրականացման կարեւորութիւնը:
Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները մտքեր փոխանակած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ յանգուցալուծման գործընթացին առնչուող շարք մը հարցերու վերաբերեալ։
Մասիս Մայիլեան Զոհրապ Մնացականեանը պարգեւատրած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնադրման 25-ամեակին նուիրուած յուշամետալով:
