Գաղտնալսման Դէպքի Գործով Խուզարկութիւններ Կը Կատարուին Շարք Մը Հասցէներու Մէջ
ՀՀ քննչական կոմիտէի ՀԿԳ քննութեան գլխաւոր վարչութեան վարոյթով կը շարունակուի ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի եւ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի գաղտնիութիւնը խախտելու` զայն ձայնագրելու եւ տարածելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:
«Հաշուի առնելով հանրութեան հետաքրքրութիւնը` քննութեան ծիրէն ներս, օրէնքով սահմանուած կարգով, քանի մը հասցէներու մէջ կը կատարուին խուզարկութիւններ: Քրէական գործով այլ մանրամասնութիւններ հրապարակման ենթակայ չեն»,- ըսուած է ՀՀ քննչական կոմիտէի տարածած յայտարարութեան մէջ:
Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ խուզարկութիւններ տեղի ունեցած են Yerevan Today թերթի խմբագրատան մէջ։ ՀՀ քննչական մարմինը մէկ այլ հաղորդագրութեան մէջ հաստատեց լուրը եւ տեղեկացուց, որ ի թիւս այլ հասցէներու` գործող քննչական խումբը այսօր այցելած է նաեւ Yerevan.today տեղեկատուական հարթակի խմբագրութիւն` օրէնքով սահմանուած կարգով խուզարկութիւն կատարելու համար:
«Կը փաստենք, որ խմբագրութեան մէջ կատարուող խուզարկութիւնը որեւէ առնչութիւն չունի իրականացուող լրագրողական գործունէութեան հետ, այլ բացառապէս ուղղուած է ապահովելու քրէական գործով բազմակողմանի, առարկայական եւ լրիւ քննութիւնը, ստուգելու քրէական գործով ձեռք բերուած նախնական տուեալները, պարզելու երկու իրաւապահ մարմիններու ղեկավարներու հեռախօսազրոյցը գաղտնի ձայնագրելու եւ տարածելու եղանակը եւ էական նշանակութիւն ունեցող շարք մը հանգամանքներ», յայտնեցին քննչական կոմիտէէն։
