Փայլան Կը Դատապարտէ Վանի Հայամէտ Նախկին Քաղաքապետը Բանտարկելու Վճիռը

Աշխարհ

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան Սեպտեմբեր 11-ին անդրադարձաւ Վանի հայամէտ նախկին քաղաքապետ Պեքիր Քայանը 8 տարուան բանտարկութեան դատապարտելու դատավճիռին՝ հետեւեալը գրելով. «Իրաւական պետութիւն չդարձանք, բայց նոյնիսկ օրէնքի երկիր չենք: Նոյնիսկ ցեղապետութիւններու ընթացքին նման դատավարութիւններ տեղի չեն ունեցած: Ամօ՛թ»: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Յիշեցնենք, որ քանի մը տարի առաջ Հայաստան եւ Ծիծեռնակաբերդ այցելած Քայան, այդ օր բանտարկութեան դատապարտուած էր՝ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ ըլլալու մեղադրանքով: