Պարոնուհի Քոքս Կը Շարունակէ Սատար Կանգնիլ Արցախին
Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս դարձեալ Արցախ կը գտնուի՝ արտայայտելով իր շարունակական զօրակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին եւ պետութեան:
Սեպտեմբեր 10-ին, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քոքսը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեանը:
Նախարարը բարձր գնահատեց պարոնուհիին ջանքերը՝ Արցախի քաղաքացիներու իրաւունքներու եւ օրինական շահերու պաշտպանութեան, Արցախի մասին միջազգային հանրութեան իրազեկուածութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման ուղղուած:
Յիշենք, որ նախորդ օրը, Սեպտեմբեր 9-ին, Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարար Արայիկ Բաղրեանի հետ, պարոնուհի Քոքս մասնակցած էր իր անունը կրող վերականգնողական կեդրոնի հիմնադրման 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին:

