Շիքակոյի Մէջ Երեւանեան Պուրակ Բացուած է

Աշխարհ, Հայաստան

Շիքակոյի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսութեան եւ Պիզնես Արմէնիայի ներկայացուցիչ Պարոյր Սարգիսեանի նախաձեռնութեամբ, հայ համայնքի ու քաղաքային իշխանութիւններու աջակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Իլինոյս նահանգի մայրաքաղաքին մէջ Երեւանեան պուրակ բացուած է, կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:

Պիզնես Արմէնիայի հանրային կապերու գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն` Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս, Պիզնես Արմէնիայի պատուաւոր ներկայացուցիչ Օսքար Թաթոսեան նշած է, որ կ՛աշխատի նաեւ զբօսաշրջութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ուղղութեամբ:

«Շիքակոն մշտապէս իր վրայ կը պահէ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը: Նոր բացուած Երեւանեան անկիւնը կրնայ Հայաստան այցելելու, հնարաւոր է նաեւ` նոր գործարար կապեր ստեղծելու առիթ դառնալ», – նշած է Պիզնես Արմէնիայի միջազգային համագործակցութեան կառավարիչ Ալինա Եղիազարեան:

«Հայկական այգին պիտի նպաստէ նաեւ Երեւանի ու Շիքակոյի միջեւ բարեկամութեան ընդլայնման», – յայտարարած է Պարոյր Սարգիսեան: