Հայաստանի Մէջ Սկիզբ Առաւ «Շանթ 2018» Զօրավարժութիւնը
ՀՀ ողջ տարածքին սկիզբ առաւ «Շանթ 2018» հրամանատարաշտաբային զօրավարժութիւնը:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Սեպտեմբեր 11-14 պետութիւնը պիտի բերուի պայմանական պատերազմական վիճակի:
Համապետական նշանակութեան «Շանթ-2018» զօրավարժութիւնը գրագրային բնոյթի է եւ նպատակաուղղուած է պաշտպանութեան պետութեան անմիջական նախապատրաստութեան եւ յարձակման ետմղման ընթացքին պետական եւ ռազմական կառավարման մարմիններու զօրահաւաքային նախապատրաստութեան, պատրաստականութեան բարձր աստիճաններու բերման ունակութեան վերստուգման, փոխգործակցութեան եւ գործողութիւններու ներդաշնակութեան մակարդակի բարձրացման: Հաշուի առնելով Հայաստանի շուրջ եւ մերձատարածքին վրայ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը, զօրավարժութեան սենարին մէջ առկայ մտացածին հակառակորդը եւ իրավիճակը առաւելապէս համապատասխանեցուած են իրականութեան:
