Չենք Արտօներ Մեզի Հետ Ուժի Դիրքերէն Խօսիլ. Փաշինեան Խօսած է ԼՂ Խնդիրի Կարգաւորման Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման թեմայով պատրաստ է բանակցութիւններ վարելու Ատրպէյճանի հետ, սակայն անոնք պէտք է ըլլան իրական բանակցութիւններ, այլ ոչ թէ բանակցութիւններու նմանողութիւններ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ռուսական «Կոմերսանտ»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Մենք պատրաստ ենք իսկապէս ջանքեր գործադրելու, որպէսզի հակամարտութիւնը կարգաւորուի խաղաղ ճանապարհով»,- նշած է Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ հայկական կողմը բարձր կը գնահատէ խնդիրին կարգաւորման ուղղուած ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջանքերը:

Փաշինեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը վախնայ, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական գործընթացները կրնան տեղափոխուիլ նաեւ իր երկիր, ուստի կը փորձէ ԼՂ սահմանագիծին վրայ իրավիճակի սրումով շեղել իր քաղաքացիներուն ուշադրութիւնը ներքին խնդիրներէն:

«Սահմանագիծին վրայ իրադրութիւնը բաւական կայուն է, սակայն երբ կը լսենք Ատրպէյճանի ռազմական հռետորաբանութիւնը, ատիկա յարաբերութիւններուն մէջ կ՝աւելցնէ լարուածութեան մակարդակը: Յոյսով եմ, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը պիտի փոխէ վարքագիծը: Ատրպէյճանը պէտք է գիտնայ, որ անհնար է խօսիլ Հայաստանի հետ սպառնալիքներու լեզուով»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը:

Ան ընդգծած է, որ ատրպէյճանական կողմի ռազմական հռետորաբանութեան ու մշտապէս պատերազմով սպառնալու պարագային կառուցողական բանակցութիւններ չեն կրնար ըլլալ: «Ատոր համար անհրաժեշտ է բանակցութիւններու մթնոլորտ ստեղծել: Մենք պատրաստ ենք աշխատելու ատոր շուրջ: Ինչ կը վերաբերի ձեւաչափին, ես Հայաստանի վարչապետն եմ ու պատրաստ եմ մասնակցելու բանակցութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան անունով: Ես չեմ կրնար խօսիլ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին անունով: ԼՂ ժողովուրդը չի մասնակցիր Հայաստանի մէջ իշխանութեան ձեւաւորման գործընթացներուն: Անոնք ունին իրենց իշխանութիւնը, կառավարութիւնը, նախագահը: Ղարաբաղը պէտք է ներկայացնէ օրինական մէկը, որ ունի ժողովուրդը ներկայացնելու իրաւագիր: Ատիկա չի նշանակեր, որ մենք կը հրաժարինք բանակցութիւններէն, մենք անոր պատրաստ ենք ամէն պահ: Սակայն Ղարաբաղը պէտք է ներկայացնէ Ղարաբաղի ներկայացուցիչը»,- յայտարարած է Փաշինեան:

ՀՀ վարչապետը ընդգծած է, որ իր յայտարարութեան մէջ որեւէ զգայացունց տարր չկայ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարները իրենց յայտարարութիւններուն մէջ եւս ընդգծած են, որ ԼՂ վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշուի ԼՂ ժողովուրդին կամարտայայտման օգնութեամբ: «Հաւանաբար մեր բանակցային գործընթացը խոցելի է, քանի որ մենք այդքան ալ ճիշդ բանակցային ձեւաչափ չունինք: Ես նկատի ունիմ Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնը: Ի հարկէ, մենք բանակցային յետագայ գործընթացը կը պատկերացնենք միայն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափով»,- նշած է վարչապետը:

Փաշինեան աւելցուցած է, որ խնդիրը առանց փոխզիջումներու հնարաւոր չէ լուծել, սակայն նախ եւ առաջ պէտք է հարց ուղղել Ատրպէյճանին՝ արդեօք անիկա պատրաստ է փոխզիջման: «Եթէ Ատրպէյճանը պատրաստ է փոխզիջումներու՝ մենք նոյնպէս պատրաստ նք: Եթէ ոչ, մենք նոյնպէս պատրաստ չենք: Խնդիրը այն է, որ Ատրպէյճանը ամէն օր կը սպառնայ պատերազմով, կ՝ըսէ, որ Երեւանը ատրպէյճանական քաղաք է, իսկ Հայաստանի ողջ տարածքը՝ ատրպէյճանական տարածք: Նման մթնոլորտի մէջ մենք պարզապէս կը հրաժարինք խօսելէ փոխզիջումներու մասին: Եթէ սպառնալիքներու մթնոլորտի մէջ մենք խօսինք փոխզիջումներու մասին, ոեւէ մէկը կրնայ ատիկա ընկալել իբրեւ տկարութիւն: Մենք ատիկա երբեք թոյլ չենք տար: Եթէ Ատրպէյճանը կը կարծէ, որ մեզի հետ կրնայ խօսիլ ուժի դիրքերէն՝ մենք կ՝ըսենք, որ ատիկա անհնար է: Ոչ ոք մեզի հետ կրնայ խօսիլ այդպէս»,- յայտարարած է ՀՀ վարչապետը: