Հայաստանն ու Վրաստանը Պայմանաւորուած են Առեւտրաշրջանառութիւնը Հասցնել 1 Միլիառ Տոլարի. Փաշինեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանն ու Վրաստանը փայլուն յարաբերութիւններ ունին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, Սեպտեմբեր 10-ին Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթաձէի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն տրուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Մենք խնդիր ունինք մեր յարաբերութիւններու տնտեսական բաղադրիչը համապատասխանեցնել բովանդակային եւ այն յուզումնային մակարդակին, որ գոյութիւն ունի մեր ժողովուրդներու միջեւ: Մեր փոխայցելութիւնները կրած են եւ պիտի շարունակեն կրել պարբերական բնոյթ: Քննարկած ենք բազմաթիւ` փոխադրամիջոցներու, տնտեսական, քաղաքական փոխգործակցութեան առնչուող հարցեր»,- նշած է Փաշինեան` ընդգծելով, որ ամենակարեւոր արձանագրումը այն էր, որ այս այցի արդիւնքներով նոր խթան կը հաղորդեն քաղաքական, մարդասիրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն:

ՀՀ վարչապետը յայտարարած, որ Վրաստանի գործընկերոջ կողմէ բարետենչ ծրագիր առաջարկուած է, որ հայկական կողմէն հաւանութեան արժանացած: «Յստակ խնդիր ձեւակերպուած է յառաջիկայ տարիներուն փոխադարձ առեւտրաշրջանառութիւնը հասցնել 1 միլիառ տոլարի մակարդակի: Սա յստակ խնդիր է, որու նկատմամբ կրնանք բոլորս դիրքաւորուիլ, ունենալ յստակ ճանապարհային քարտէզ եւ պայմանաւորուած քայլերով երթալ դէպի խնդրի լուծումը»,- ըսած ան:

Ան յայտնած է, որ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկային հայ-վրացական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստ գումարելու մասին: Նիստի ծիրէն ներս յստակ խնդիր պիտի ձեւակերպուի ` ունենալ ճանապարհային քարտէզ առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւնները, քաղաքական, մարդասիրական, մշակութային, կրթական յարաբերութիւնները զարգացնելու համար:

«Ամէն այցի հետ մեր երկիրներու յարաբերութիւններու մակարդակը աւելի կը բարձրանայ, մթնոլորտը աւելի ջերմ կը դառնայ: Մեր կառավարութեան անդամներու միջեւ կը հաստատուի ու կ՛ամրապնդուին բարեկամական, ընկերական կապեր, ինչ որ պակաս կարեւոր չէ երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ: Այս տրամադրութիւնը պէտք է շարունակել եւ յստակ քայլերով առաջ երթալ»,- եզրափակած է ՀՀ վարչապետը: