Արմէն Բայբուրդեան Կը Նշանակուի Լոս Անճելըսի Մօտ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոս

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի Սեպտեմբեր 6-ի հրամանով, Արմէն Վահանի Բայբուրդեանը նշանակուած է Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս:

Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Բայբուրդեան Լոս Անճելըսի հիւպատոս նշանակուած էր նաեւ 1995-1997 թուականներուն: Ան եղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ (1997-2000), իսկ Ինտոնեզիոյ, Սրի Լանքայի եւ Նեփալի մէջ համատեղած է դեսպանի պաշտօնը: