Արցախի Մէջ Զինծառայող Մը Զոհուած է

Հայաստան

Սեպտեմբեր 3-ին` մօտ ժամը 14:45-ին  տեղի ունեցած վթարի հետեւանքով զոհուած է Պաշտպանութեան բնակի պայմանագրային զինծառայող, 1990-ի ծնուած Վազգէն Գագիկի Խաչատրեանը:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ, դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»,-ըսուած է տարածուած հաղորդագրութեան մէջ: