
Ռոպերթ Քոչարեան Պիտի Մասնակցի Յառաջիկայ Խորհրդարանական Արտահերթ Ընտրութիւններուն
ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան պիտի մասնակցի յառաջիկայ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին ան յայտնած է «Sputnik Արմէնիա»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:
Ան դեռ վաղ համարած է խօսիլ, թէ ինչ ձեւաչափով ու քաղաքական խումբով պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն` նշելով, թէ դեռ երկար ժամանակ կայ, իսկ իրավիճակը շատ արագ կը փոխուի եւ դեռ պիտի փոխուի: «Չեմ կարծեր, որ հիմա ճիշդ է ձեւաչափերու մասին խօսիլը: Հիմա պէտք է կազմակերպչական քայլերով ձեւաւորել այն միաւորը, որով դուն ներկայացած ես քաղաքական դաշտին մէջ, այն թիրախները, որոնց ուղղուած պիտի ըլլայ քու գործունէութիւնդ, եւ այն ընտրողներու զանգուածը, որու մասին կը մտածես, որ կրնան ըլլալ ապագայ յենարանդ: Սա է այս պահու հիմնական խնդիրը»,- ըսած է ան:
Քոչարեան չէ բացառած, որ կրնայ դառնալ ընդդիմադիր բեւեռի կեդրոն կամ կեդրոններէն մէկը: «Առաջին հերթին կը փորձեմ յոյսս դնել իմ վրայ եւ շուրջս միաւորուող ուժերու ընտրազանգուածի` քաղաքացիներու վրայ: Որքան այդ ուժը աւելի հզօր ըլլայ, այնքան աւելի մեծ պիտի ըլլայ դաշինքներ կազմելու հնարաւորութիւնը»,- ընդգծած է ան` չցանկալով, սակայն, անուններ ըսել հնարաւոր դաշինքի անդամ քաղաքական ուժերու վերաբերեալ:
ՀՀ երկրորդ նախագահը նշած է, որ իր քաղաքական յենարանը կը համարէ Հայաստանի այն քաղաքացիները, որոնք կը յիշեն իր պաշտօնավարման տարիներու յաջողութիւնները: