
Կառավարութիւնը Հաստատեց Ռազմաարդիւնաբերական Յանձնաժողովի Կազմը
Կառավարութիւնը Օգոստոս 30-ին հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմաարդիւնաբերական յանձնաժողովի կանոնադրութիւնը եւ կազմը, կը հաղորդէ “Արմենփրես”-ը:
Սոյն նախագիծով կ՛առաջարկուի ռազմաարդիւնաբերական համալիրի արդիւնաւէտ եւ լիարժէք աշխատանքը ապահովելու նպատակով սահմանել ռազմաարդիւնաբերական յանձնաժողովի հիմնական հարցերը ու գործունէութեան բնագաւառը, յանձնաժողովի աշխատանքներու կազմակերպումը եւ հաստատել յանձնաժողովի անհատական կազմը:
Յանձնաժողովի կազմին մէջ ընդգրկուած են՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը (յանձնաժողովի նախագահ), անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը (յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ), պաշտպանութեան նախարարը, արտաքին գործոց նախարարը, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարը, ելեւմուտքի նախարարը, Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարը, արտակարգ իրավիճակներու նախարարը, փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարարը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը, ոստիկանութեան պետը, Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գիտութեան կոմիտէի նախագահը, պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմաարդիւնաբերութեան կոմիտէի նախագահը (յանձնաժողովի քարտուղար), Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահը: