Ջաւախքի Մէջ Վերաօծուեցաւ Բալխոյի «Սուրբ Յարութիւն» Եկեղեցին

Հայաստան

2018 թուականի Օգոստոս 25-ին վերաօծուեցաւ Ախալքալաքէն 12 քմ․ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Բալխօ գիւղի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին:Եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութեան գիւղի բնակիչներէն բացի մասնկացած են նաեւ Հայաստանէն ու Ռուսիայէն ժամանած հիւրեր:

Ըստ «Արմենփրես»-ի՝  19-րդ դարու կառոյց եկեղեցին խորհրդային տարիներուն  կորսնցնելով իր գործառոյթները,  վերածուած էր կոլտնտեսութեան պահեստի, իսկ յետխորհրդային շրջանին մատնուած անուշադրութեան: Աղօթազուրկ եւ անխնամ մնացած եկեղեցին վերանորոգուեցած է  գիւղի զաւակ,  ռուսաստանաբնակ Մեսրոպ Մովսիսեանի բարերարութեամբ`  համագիւղացիներուն ընձեռելով Աստուծմով ապրելու, աղօթքով գործելու հնարաւորութիւն:

Եկեղեցին վերաօծուեցաւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի ձեռամբ եւ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանի, Տէր Թադէոս քահանայ Տէր-մկրտչեանի ու Տէր Տիգրան  քահանայ Մխիթարեանի մասնակցութեամբ:  Դռնբացէքի արարողութենէն ետք Սրբասուրբ միւռոնով օծուեցան Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանը, Մկրտութեան աւազանը եւ 16 սիւները:

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ Հենզել Մկոյեանը եւ Սամուէլ Մանուկեանը, Ախալքալաքի շրջանային ժողովի նախագահ Նայիրի Իրիցեանը, Ախալքալաքի շրջանային ժողովի պատգամաւորներ, հասարակական, պետական գործիչներ, հաւատացեալներ:

Վերակառուցուած եւ վերաօծուած եկեղեցւոյ անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Արակովայի «Սուրբ Գէորգ» եկեղեցւոյ ու յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Տէր Թադեւոս քահանայ Տէր-մկրտչեանը: Սուրբ Պատարագը վերջ գտաւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդի Պահպանիչ աղօթքով:

Այնուհետեւ Սուրբ  Յարութիւն եկեղեցւոյ վերաօծման առիթով յարակից տարածքին կայացաւ տօնահանդէս, որուն կը մասնակցէին Վիրահայոց թեմի Արակովայի «Խրիմեան հայրիկ» կեդրոնի սաները, տօնահանդէսը իրենց կատարումներով  գեղեցկացուցին նաեւ յարակից գիւղերէ  եկած անհատ կատարողներ:

Տօնական օրը գիւղին մէջ բարերարի ընտանիքին կողմէ մասուցուեցաւ մատաղ եւ գիւղի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղացիներու համար կազմակերպուեցաւ հիւրասիրութիւն:

Յիշեցնենք, որ դեռ 2004 թուականին, եկեղեցւոյ առաջին մասնակի վերանորոգումէն ետք փոխառաջնորդ, Տէր Բաբգէն աբեղայ Սալբիեանի կողմէ կատարուած էր եկեղեցւոյ օրհնութեան կարգ եւ տաճարը դարձած էր Վիրահայոց Թեմի գործող եկեղեցիներէն մէկը:

Բալխօ գիւղին մէջ 160 ընտանիք  կ՛ապրի: